image

Լիւքսամպուրկի մէջ բողոքի հաւաք

Լիւքսամպուրկի մէջ բողոքի հաւաք

Լիւքսամպուրկի հայ համայնքը 24 դեկտեմբերին բողոքի հաւաք կայացուցած է Եւրոպական խորհրդարանի շէնքին առջեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի մասին իրազեկուածութիւնը բարձրացնելու նպատակով: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, բողոքի հաւաքի մասնակիցները իրենց բողոքը ներկայացուցած  են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին չարձագանգելու ու լռութիւն պահպանելու համար:

Լիւքսամպուրկի հայ համայնքի ներկայացուցիչները նշած են, որ Սուրբ Ծննդեան մօտենալուն զուգընթաց ճանապարհի փակումը յանգեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հանրախանութներու դատարկման եւ հիւանդանոցներու մէջ վիրահատութիւններու յետաձգման:

«Այս շրջափակման վերջնական նպատակը էթնիկ (ցեղային) զտումն է, եւ անոր հետ կարելի չէ համակերպուիլ: Մենք միջազգային հանրութիւնէն կը պահանջենք յստակ գործողութիւններ ձեռնարկել ատրպէյճանական յարձակողականին դէմ», - յայտարարած է Լիւքսամպուրկի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան ղեկավար, իրաւաբան՝ Ֆրանսի Տէրտէրեան, որ բողոքի հաւաքը կազմակերպած էր:

Լիւքսամպուրկի մօտ ՀՀ դեսպան՝ Տիգրան Բալայեան միացած է ցուցարարներու կոչերուն՝ յայտարարելով, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը բոլոր հնարաւոր երկկողմ, եռակողմ եւ բազմակողմ պարտաւորութիւններու, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի, մասնաւորապէս ՝ Ժընեւեան համաձայնագիրներուն կոպիտ խախտում է։