image

«Լիբանանը իմ անձէս աւելի վեր է...»Նախարար Ժորժ Քըրտահի հրաժարական տուաւ

   «Լիբանանը իմ  անձէս   աւելի վեր է...»Նախարար  Ժորժ  Քըրտահի  հրաժարական տուաւ

   Լիբանանը  աւելի վեր է քան իմ  անձը։ Ես կը յուսամ, որ տարիներ ետք  պիտի արժեւորեն  Եէմէնի պատերազմը  դատապարտող  իմ խօսքերը, յանուն  արդարութեան եւ յանուն Եէմէնի   ժողովուրդին։

Ժորժ Քըրտահի 

Լիբանանի տեղեկատւութեան նախարար  Ժորժ Քըրտահին քիչ  առաջ  հրաժարական տուաւ։ 

Քըրտահի  հակիրճ  խօսք  մը արտասանելով նշեց,  որ այս  քայլին կը դիմէ, որպէս    բարի կամեցողութեան  նշան։ 

 Ան նաեւ   ըսաւ, որ յոյս ունի, որ իր հրաժարականը  կ՚օգնէ   օրերս  Սէուտական Արապիա  այցելող   Ֆրանսայի նախագահ Էմաննուէլ Մաքրոնին, որ  կարողանայ   Լիբանանի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներուն միջեւ առաջացած    տագնապը լուծելու։ 

Յիշեցնեմ,  որ Լիբանան   «ամպարկո»ի ենթարկուեցաւ  մասնաւորապէս Ռիատի  եւ անոր արբանեակ- երկիրներուն կողմէ,  պարզ  անոր համար, որ Քըրտահի    քննադատած էր Եէմէնի պատերազմը, իսկ այդ քննադատութիւնները հնչած են  անոր նախարար նշանակուելէն  երկու ամիս առաջ։ 

Հարցադրումը, որ լսելի  կը դառնայ   արդեօք Քըրտահիի  այս   քայլը    օգտակար պիտի ըլլա՞յ, որ   Լիբանանի   վզին նետուած  պաշարման  անգութ  օղակը  վերցուի։

 

 Սպասենք։

 

 

Նիւթը՝  Սագօ  Արեան լրագրողի էջ-էն