image

Լիբանանի նախագահ ընտրուած է Զօր. Ժոզէֆ Աուն

Լիբանանի նախագահ ընտրուած է Զօր. Ժոզէֆ Աուն

Լիբանանահայ լրագրող Սագօ Արեանի դիմատետրի էջէն կը կարդանք՝

‼️‼️‼️🇱🇧🇦🇲🙏Քիչ առաջ Լիբանանի խորհրդարանը Զօր. Ժոզէֆ Աունը ընտրեց երկրի նախագահ։

Ժ. Աուն, որ բնակաբար (եւ Փառք Աստծոյ) ոչ մէկ կապ ունի երկրի նախկին նախագահ Միշէլ Աունին հետ, կը հանդիսանայ Լիբանանի Հանրապետութեան 14-րդ նախագահը։ 

Բարդ, ներքին լարումով ու երկրի հողերէն ներս Իսրայէլի ռազմական ներկայութեամբ ներկայացող այսօրուայ Լիբանանը դէմ հանդիման է մեծագոյն մարտահրաւէրներու։

Ապօրինի զէնքի խնդրի լուծում, տնտեսութեան եւ անվտանգային համակարգի վերակառուցում, ֆինանսական ոլորտի առողջացում ու նաեւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ առողջ դատողութիւն, ահա այս չորս հիմնարար կէտերն են, որոնց համար պիտի գործէ նորընտիր նախագահը, որ այս պահուն ունի արտաքին կարեւոր նեցուկ եւ աջակցութեան սկսած Սէուտական Արաբիայէն եւ հասնելով յատկապէս Միացեալ Նահանգներուն։

Լիբանան այսպիսով պիտի մտնէ նոր եւ բախտորոշ փուլ մը, որուն յաջողութեան հիմնական գրաւականը պիտի մնայ նախագահական համակարգի հզօրացումը, բանակի ամրութիւնը եւ ներքին-քաղաքական կեանքի բարեկարգումը։

Լաւատես ըլլանք։