image

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտեցան. Ընտրութիւնները յատկանշուեցան թոյլ մասնակցութեամբ

 Այս ընտրութիւններու ամէնէն ուղենշայինը եղաւ այն, որ  մասնակցութեան թիւերը եղան բաւական թոյլ, հակառակ անոր, որ անցնող ամիսներու  մասնաւորապէս  ընդդիմադիր շրջանակներ բոլոր կարելի միջոցները գործի դրած էին  ընտրական «ցունամի» մը պատրաստելու համար, սակայն ըստ երեւոյթին  այդ «սպասում»ները պիտի չիրականան եւ ատոր մէջ գլխաւոր պատասխանատուն պիտի ըլլան այն քաղաքացիները, որոնց համար ընտրութիւնները համարուեցան մեծ հաշուով անկարեւոր։

 Ժամեր առաջ փակուեցան Լիբանանի  2022 տարուան Խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէարկութեան կեդրոնները։

Ինչպէս նախօրօք ալ նշած էինք, այսօր ամբողջ գիշեր   տեղի պիտի ունենայ  քուէներու հաշւումը եւ այս մասին ալ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած էր Լիբանանի  ներքին գործոց նախարար  Պասսամ Մաուլաուի։ 

Չորս տարին անգամ տեղի ունեցող ընտրութիւնները կարեւոր կը համարուէին այն առումով, որ շրջանային  ուժեր մեծ գրաւ դրած էին  ընտրութիւններուն վրայ, որոնք ըստ այդ ուժերուն բաւարար ներուժ պիտի ունենային երկրի քաղաքական վերնախաւին մէջ  փոփոխութիւններ իրականացնելու։