image

Որ պահուն ժողովուրդը որոշէ, որ ես պէտք է հեռանամ, նոյն պահուն ես կը հեռանամ. Փաշինեան

Որ պահուն ժողովուրդը որոշէ, որ ես պէտք է հեռանամ, նոյն պահուն ես կը հեռանամ. Փաշինեան

Հայաստանի մէջ յունիս 7-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի շրջածիրէն ներս մայիս 23-ին ՀՀ վարչապետի պաշտօնը ժամանակաւորապէս չկատարող, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան նախագահ Նիկոլ Փաշինեանը քարոզարշաւ իրականացուցած է Երեւանի Աւան վարչական շրջանին մէջ։

Փաշինեանը նշած է, որ իշխանութեան հարցը կ՚որոշէ ժողովուրդը՝ ընդգծելով, որ պիտի հեռանայ, եթէ այդպիսին ըլլայ ժողովուրդի որոշումը։

«Սա այսօրուայ Հայաստանի եւ իմ ու մեր թիմի քաղաքական գործունէութեան առանցքն է։ Որ պահին ժողովուրդը որոշեց, որ ես պէտք է հեռանամ, նոյն պահին ես կը հեռանամ՝ առանց քննարկելու։ Եթէ 700 հազար մարդ՝ ընտրողների 50+1 տոկոսը, ասել է՝ Նիկոլ մնայ, Նիկոլը կը մնայ։ Եթէ մարդիկ ասեն՝ Նիկոլ գնայ, Նիկոլն ո՞վ է, որ չգնայ, Նիկոլը ծառայ է։ Այդպէս լինո՞ւմ է, որ ծառան ասի՝ չէ, չեմ գնալու»,-ըսած է Փաշինեանը։

Նախընտրական քարոզարշաւը մեկնարկած է մայիս 8-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ յունիս 5-ը։ Ընտրութիւններուն կը մասնակցի 19 քաղաքական ուժ։