image

Լիբանանահայերու հանդիպումը Երեւանի մէջ

Լիբանանահայերու հանդիպումը Երեւանի մէջ

Քիչ առաջ Երեւանի մէջ իր աւարտին հասաւ ՀՅԴ Լիբանանի մարմնի պատասխանատուներու հանդիպումը հայրենաբնակ (մեծ մասամբ հայրենադարձած) լիբանանահայերուն հետ։

 

 Այս մասին կը հաղորդէ «Արեւելք»ի Երեւանի թղթակիցը։ 

 

 Մեր աղբիւրը հաղորդեց, որ հանդիպման ներկայ եղած են շուրջ 400  հայրենակիցներ, եւ հանդիպման ընթացքին խօսքերով հանդէս եկած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի փոխ խօսնակ Իշխան Սաղաթէլեան, եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, լիբանանեան խորհրդարանի անդամ Յակոբ Բագրատունի,   ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի  անդամ, նախկին նախարար՝ Աւետիս Կիտանեան  եւ  հայրենադարձութեան գծով ՀՅԴ Երեւանի  գրասենեակի  պատասխանատու՝ Ժիրայր Պէօճէքեան։ 

 Բագրատունի (որուն խօսքին գլխաւոր բաժիները «Արեւելք» պիտի ներկայացնէ աւելի ուշ խօսած է Լիբանանի հայութեան ընդհանուր վիճակին մասին, կարեւորելով այն հանգամանքը, որ այսօրուան դժուարին պայմանները անցողակի են, ու յոյս յայտնելով, որ Լիբանանահայութիւնը համընդհանուր ճիգերով կը յաջողի դուրս գալ այս ծանրագոյն վիճակներէն։

 Իր կարգին Իշխան Սաղաթէլեան կարեւորած է Լիբանանի եւ Լիբանանահայութեան դերն ու տեղը վստահեցնելով, որ Հայաստանի ՀՅԴ կառոյցը միշտ ալ պատրաստակամ է իր նեցուկն ու զօրակցութիւնը ցոյց տալու տագնապահար լիբանանահայութեան։

 

 Խօսքերու աւարտին տեղի ունեցած է հարց-պատասխանի բաժին մը, եւ ներկայ հայրենակիցները հնչեցուցած են իրենց յուզող հիմնահարցերը, կապուած յառաջիկայ տարուան առաջին կիսուն կայացուելիք ընտրութիւններուն վերաբերեալ։

 

 Հանդիպման աւարտին, ինչպէս նշած է Բագրատունի, ակնկալելի է, որ Երեւան ապրող մեր հայրենակիցներուն մեծ մասը պատրաստ ըլլայ մեկնելու Լիբանան, մասնակցելու համար երկրին ու նաեւ հայութեան համար ճակատագրական համարուող յառաջիկայ ընտրութիւններուն։ 

 

 «Մենք ձեզի Պէյրութի մէջ պիտի սպասենք»,-իր խօսքը եզրափակած է Յ. Բագրատունի։