image

Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձանց կապոյտ անձնագրերը կրնան կիրառուիլ որպէս անձը հաստատող փաստաթուղթ. Արմէն Ղազարեան

Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձանց կապոյտ անձնագրերը կրնան կիրառուիլ որպէս անձը հաստատող փաստաթուղթ. Արմէն Ղազարեան

Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձանց կապոյտ անձնագրերը ճամբորդական փաստաթուղթեր են, ատոնք որպէս անձը հաստատող փաստաթուղթ կրնան կիրառուիլ, բայց՝ ոչ որպէս քաղաքացիութիւն հաստատող փաստաթուղթ, լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Միգրացիայի (գաղթի) եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան պետ Արմէն Ղազարեանը։

Ան նշած է, որ ժամանակաւոր պաշտպանութեան տակ վերցուած եւ փախստական ճանչցուած անձանց կարգավիճակի տրամադրումը կ՚իրականացուի «կոլեկտիւ կերպով», այս պարագային՝ կառավարութեան մէկ որոշմամբ։

«Փախստականի կարգավիճակ, ըստ էութեան, կոլեկտիւ կերպով շնորհուել է Լեռնային Ղարաբաղի ողջ բնակչութեանը», -ըսած է Ղազարեանը։

Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած քաղաքացիներու համար ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը առաւելագոյն հեշտացուած է։

«Երեւանի անձնագրային ծառայութիւններում մենք ներդրել էինք ելեկտրոնային հերթագրման համակարգ, Լեռնային Ղարաբաղից բռնի տեղահանուածները սպասարկւում են արտահերթ: Երեւանում կը գործի Լեռնային Ղարաբաղից բռնի տեղահանուած անձանցից  քաղաքացիութեան դիմումների ընդունման առանձին գրասենեակ, որ աւելի դիւրացուի,  մարդկանց հերթեր, անյարմարութիւններ չպատճառուի», -աւելցուցած է Արմէն Ղազարեանը։