image

Լարուած իրավիճակ Երեւանի կեդրոնին մէջ. ոստիկանները բերման կ՚ենթարկեն ցոյցի մասնակիցները

Լարուած իրավիճակ Երեւանի կեդրոնին մէջ. ոստիկանները բերման կ՚ենթարկեն ցոյցի մասնակիցները

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ ոստիկանները սկսան բերման ենթարկել անհնազանդութեան գործողութեան մասնակից քաղաքացիները։

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանը երէկ յայտարարեց, որ առաւօտեան 10։30 պիտի հաւաքուին կառավարութեան շէնքի մօտ, քանի որ ժամը 11-ին գործադիր մարմնի նիստն է։

Վաղ առաւօտէն կառավարութիւնը բոլոր կողմերէն շրջափակուած էր ոստիկանական շղթայով։ Ոստիկանները նաեւ քարշակներով կը հեռացնեն հրապարակի մէջ թողուած մեքենաները։ Բագրատ սրբազանն ըսած էր, որ եթէ ոստիկանները արգելափակեն մեքենաներու ճանապարհը, պարզապէս անջատեն շարժիչը եւ դուրս գան մեքենայէն։ Վարորդներն այդպէս ալ կը վարուին՝ կաթուածահար ընելով Հանրապետութեան հրապարակի շարժը։

«Հանդարտուէք, ոչ մէկը չշարժուի։ Կոնկրետ ասէք՝ ի՞նչ էք ուզում ասել, հրահրում էք բացարձակ աստիճանով, ամբողջ պատասխանատւութիւնը ձեզ վրայ է մնալու, եկել էք ի՞նչ, ո՞ւմ պաշտպանելու, էն ստախօսը նստել է դահլիճում, ձեզ էլ նետել է փողոց ի՞նչ անելու, յետ գնացէք, փողոցը փակել էք դուք, երթեւեկելի մասն էլ փակել էք դուք»,- բարձրախօսով յայտարարած է Բագրատ սրբազանը՝ դիմելով ոստիկաններուն։

Ոստիկանութիւնը պահանջած է, որ ցոյցի մասնակիցները դուրս գան հրապարակի երթեւեկելի մասէն։ Բագրատ սրբազանն ալ շեշտած է՝ նախ ոստիկանութիւնը թող նահանջէ երթեւեկելի մասէն, անկէ ետք բողոքի ցոյցի մասնակիցները դուրս կու գան այս հատուածէն։