image

Լաւրով մտահոգ է Կիպրոսով

Լաւրով մտահոգ է Կիպրոսով

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը հեռախօսազրոյց ունեցած է Կիպրոսի իր պաշտօնակիցի՝ Նիքոս Քրիսթոտուլիտիսի հետ՝ քննարկելով Ֆամակուսթա քաղաքի Վարոշա փակ շրջանի շուրջ իրավիճակի բարդացման եւ կիպրական խնդրի կարգաւորման հետագայ հետեւանքներու հարցը, կը հաղորդէ ТАСС-ը:

Հեռախօսազրոյցը, ըստ ՌԴ ԱԳՆ հաղորդագրութեան, կայացած է Լաւրովի նախաձեռնութեամբ:

Ռուսական կողմէն շեշտուած է, որ ՄԱԿ-ի ԱԽ բանաձեւերու իրագործումը անհրաժեշտութիւն է, ըստ որոնց՝ Կիպրոսի մէջ պէտք է ստեղծուի երկհամայնք դաշնութիւն յունա-կիպրական եւ թրքա-կիպրական համայնքներու ուղիղ բանակցութիւններու միջոցով: Բանակցութիւններու ընթացքին ընդգծուած է, որ պէտք է խուսափիլ այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան յանգեցնել իրավիճակի հետագայ ապակայունացման եւ կիպրական խնդրի կարգաւորման հարցին առջեւ յաւելեալ խոչընդոտներու առաջացման: