Սրիկայութիւնը շատ օրինակներով կարելի է ըսել, բայց Արցախը ուրացողը դաւաճան է: Այս մասին, այսօր Ազգային Ժողովին մէջ իր ելոյթին ժամանակ յայտարարեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը:
«Դա դաւաճանութիւն է, ոնց որ քիչ առաջ ելոյթ ունեցողը վերջերս լրատուամիջոցների առաջ էր Արցախն ուրացել», ըսաւ ան:
Ասոր արձագանգեց նիստը վարող ԱԺ փոխնախագահ Ռուբեն Ռուբինեանը. «Ներողութիւն, պարոն Մանուկեան, էստեղ կան էթիկայի կանոններ, չխախտէք: Դուք հէնց նոր ինչ-որ մէկին մեղադրում էինք Արցախն ուրանալու մէջ, անուն տուէք»:
Գեղամ Մանուկեանը արձագանգեց, որ բառացի կը բերէ ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւոր Վիգէն Խաչատրեանի խօսքը, անկէ ետք կը խօսին:
«Այսինքն դուք Վիգէն Խաչատրեանին դաւաճա՞ն էք անուանում: Անջատէք Գեղամ Մանուկեանի խօսափողը: Զբաղեցուցէք ձեր տեղը», ըսաւ Ռուբինեանը:
Գեղամ Մանուկեանը չէր իջներ ամպիոնէն՝ յայտարարելով, որ ԱԺ փոխօսնակը իրաւունք չունի զիրնք զրկելու խօսքի իրաւունքէն:
Ռուբինեանը խնդրեց անվտանգութեան աշխատակիցներէն Գեղամ Մանուկեանը հեռացնել ամպիոնի մօտէն:
Անվտանգութեան աշխատակիցները բռնեցին պատգամաւորի ձեռքերէն եւ ուժ գործադրելով հեռացուցին ամպիոնէն: