Լաչինի միջանցքը այսօր՝ 20։00-էն փակ է հայերու համար։ Հայաստան - Արցախ երթուղին պիտի կազմակերպուի ժամանակաւոր ճանապարհով, որ կը շրջանցէ Աղաւնօ-Բերձորն ու Արցախ կը տանի Շուշիի Բերդաձորի ենթաշրջանի գիւղերով։
Մինչեւ յաջորդ տարի, երբ պատրաստ ըլլայ նոր ճանապարհի հայաստանեան հատուածը, որ, յիշեցնենք, պէտք է անցնի Կոռնիձորով, ժամանակաւորապէս պիտի գործէ Արցախի Աղաւնօ գիւղն ու Բերձոր քաղաքը շրջանցող ճանապարհահատուածը, որ այնուհետեւ պիտի միանայ Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին:
Այդ ճանապարհն ամբողջութեամբ ասֆալթապատ է: Սա ժամանակաւոր լուծում է, մինչեւ կ'աւարտի հիմնական ճանապարհի շինարարութիւնը:
Հիմնական ճանապարհի՝ Արցախով անցնող հատուածի շինարարութիւնը ատրպէյճանական կողմը աւարտած է յուլիսին, հայաստանեան հատուածի շինարարութիւնը, որ մեկնարկած է 4 օգոստոսին, կը նախատեսուի աւարտել յաջորդ գարնան: Ինչպէս այսօրուընէ գործարկուող ժամանակաւոր ճանապարհին, այնպէս ալ հետագային գործարկուելիք հիմնական երթուղիի երկայնքով պիտի տեղակայուին ռուս խաղաղապահներ:
Յիշեցնենք, որ 26 օգոստոսին ատրպէյճանցիները մտած են Արցախի Քաշաթաղի շրջանի Բերձոր վարչական կեդրոն, Աղաւնօ եւ Սուս գիւղեր: Բնակիչներուն ժամանակ տրուած էր՝ լքելու իրենց բնակավայրերը, անոնցմէ մի քանին նախքան գիւղը լքելը, այրած էին իրենց տուները։