Մոսկուան կ'ակնկալէ, որ Ռուսիա-Ատրպէյճան-Հայաստան աշխատանքային խումբի յաջորդ հանդիպման հնարաւոր պիտի ըլլայ ձեռք բերել փաթեթային համաձայնութիւն՝ ճանապարհներու կառուցման վերաբերեալ` կեդրոնանալով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկաթուղային եւ ճանապարհային կապի գործարկման վրայ՝ հարեւան երկիրներ հնարաւոր մուտքով:
Ինչպէս գրած է ՌԻԱ «Նովոստի»-ն, այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու չորրորդ վարչութեան տնօրէն Տենիս Կոնչարը։
Իսկ Հայաստանն ու Արցախը կապող Լաչինի միջանցքով նոր ճանապարհը պիտի սկսի գործել ապրիլ 1-էն. այս մասին եւս ըսած է Կոնչար։ Անոր խօսքով՝ օգոստոս 30-էն երթեւեկութիւնը պիտի ընթանայ Լաչինը (Բերձոր) շրջանցող ժամանակաւոր ճանապարհով։
«Առանցքային նշանակութիւն ունի այն, որ Լաչինի միջանցքի շահագործման ռեժիմը պիտի չփոխուի։ Ռուս խաղաղապահները տեղափոխուած են ժամանակաւոր ճանապարհին, եւ մինչեւ 2023 թուականի ապրիլի 1-ը անոնք պիտի անցնին նոր երթուղիին»,- ըսած է Կոնչար։