image
Հրատապ լուրեր:

«Լաչինի հարցով կ՚ակնկալենք իրական քայլեր» Նորա Յովսէփեան (Տեսանիւթ)

«Լաչինի  հարցով կ՚ակնկալենք իրական քայլեր» Նորա Յովսէփեան (Տեսանիւթ)

 

 

 

 «Ամերիկայի ձայն»էն  վերահասու կը դառնանք, թէ  Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու մեծաթիւ մասնակցութեամբ, Լոս Անճըլըսի մէջ, քննարկում մը կազմակերպուած է՝ Լաչինի միջանցքին տիրող իրավիճակին մասին եւ համատեղ իրականացուող աշխատանքներու հիմնական ուղութիւններուն վերաբերեալ։ Հայ դատի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի պատասխանատուները ըսած են, որ մեծ աշխատանքներ տեղի կ՚ունենան Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր, գործադիր եւ նահանգային իշխանութիւններու հետ, ներկայացնելով իրավիճակն ու պահանջելով համապատասխան պատժամիջոցներու ենթարկել Ատրպէյճանը։

 

Քոնկրեսական Ատամ Շիֆը ըսած է, որ շուտով օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ հանդէս պիտի գայ եւ իր գործընկերներուն հետ պահանջէ, որ  Ատրպէյճանը զրկուի ամերիկեան ամենամեայ օգնութենէն։ Ան շարունակած է ըսելով, թէ Ատրպէյճանը կը խախտէ մարդու իրաւունքներն ու տարածաշրջանի կայունութիւնը։ «Մեր բանաձեւը պիտի պահանջէ վերջ տալ որեւէ տեսակի օգնութեան, ինչպէս նաեւ յետաքննութիւն իրականացնել, պատերազմէն ետք արձանագրուած մարդկային բռնութիւններու դէպքերու վերաբերեալ», ըսած է Շիֆ։ 

Հայանպաստ որոշումներով յայտնի Ատամ Շիֆը, Միացեալ Նահանգներու նախագահի, Ամերիկայի քաղաքացիներուն ամենամեայ հասցէագրուած ելոյթին նուիրուած այս տարուան արարողակարգին մասնակցելու նպատակով հրաւիրած է  Ուաշինկթոնի մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանին։ Վերջինս բարձր գնահատած է այդ հրաւէրը եւ միեւնոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնած է պետական քարտուղարութեան եւ քոնկրեսականներուն, այս տագնապալի իրավիճակին մէջ ցուցաբերած աջակցութեան համար։

Ռուբէն Վարդանեանը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող ներկայ ընկերային եւ տնտեսական ծանր իրավիճակը, շնորհակալութիւն յայտնելով Սփիւռքին, շարունակական աջակցութեան համար։ Ան յոյս յայտնած է, որ խնդիրը միջազգային ատեաններ բարձրացնելով, կը կարողանանք հանիլ տարածաշրջանային կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման։

Համահայկական խորհուրդի անդամ՝ Վիգէն Յովսէփեանը ըսած է, որ Լոս Անճըլըսի մէջ գործող Հայ Մշակութային ընկերակցութիւնը ներկայիս, աշխատանք կը տանի Կարմիր Խաչի միջոցով, Արցախի բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու համար։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ ՝ Լենա Պոզոյեանը ըսած է, որ պիտի շարունակեն հանդիպիլ ոչ հայկական կազմակերպութիւններու հետ, որպէսզի Արցախի հարցը շատ աւելի ընդհանրական ձեւով տարածուի ե՛ւ Ամերիկայի, ե՛ւ համայն հայութեան մէջ։

 

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Յովսէփեանը ըսած է. «Յայտարարութիւնները շատ լաւ եղած են մինչեւ այսօր, զօրաւոր եղած են։ Ուղղակի Ազրպէյճանին դատապարտած են իրենց այս առած քայլին համար, բայց ասկէ անդին տակաւին չէ գացած, այսինքն հաստատ քայլեր չեն առնուած, բայց մեր յոյսը ան է, որ այս ճնշումը բանեցնելով, շարունակական ձեւով եւ զօրաւոր կերպով մենք կը յուսանք, որ տեղ պիտի հասնինք, որպէսզի Ամերիկեան կառավարութիւնը իսկական քայլեր առնէ այս ուղութեամբ»։

 

Քննարկման աւարտին, առիթ տրուած է մասնակիցներուն իրենց հարցերը բարձրացնելու Ռուբէն Վարդանեանին։