image
Հրատապ լուրեր:

«Լաչինի անցքը կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու տիրապետութեան տակ». Զօր. Անտրէյ Վոլքով

«Լաչինի անցքը կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու տիրապետութեան տակ». Զօր. Անտրէյ Վոլքով

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններու ղեկավարները հանդիպած են Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար Անտրէյ Վոլքովի հետ։ Անդրադարձ կատարուած է Լաչինի միջանցքի գործարկուած նոր երթուղիի վերաբերեալ հասարակութեան մօտ առկայ որոշ խնդիրներուն, յայտնած է ՀՀ ԱԺ-ն:

Ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարը հաւաստիացուցած է, որ միջանցքի անվտանգութիւնն ամբողջութեամբ կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու հսկողութեան ներքոյ, եւ ընթացիկ շինարարական աշխատանքներու աւարտման զուգընթաց պիտի վերանան առկայ խնդիրները։