image

Թրամփի «խորքային» նպատակները...

 Թրամփի  «խորքային» նպատակները...

Այդ խնդրի լուծումը կ՚ենթադրէր խօսիլ Ռուսաստանի հետ. բան մը, որուն մեծապէս պատրաստ էր Տանըլտ Թրամփ։ Անշուշտ, այսօր տեղ մը կը հաստատուի, թէ Տանըլտ Թրամփի վերընտրութիւնը եւ Քամալա Հարիսի պարտութիւնը երբեք պէտք չէ համարել պատահական։ Ամէն պարագայի, այս մասին յաւելեալ ծալքեր կը բացայայտեն միջազգային զանազան լրատուամիջոցներու վերլուծութիւնները, ուր խոշորացոյցի տակ կ՚առնուին այն ազդակները, որոնք նպաստեցին Թրամփի Սպիտակ տուն վերադարձին. վերադարձ, որ ներկայիս կը պայմանաւորէ նոր աշխարհակարգի մը ձեւաւորման ընդհանուր հունը։

Տանըլտ Թրամփ այսօր մեծ հնարաւորութիւն ունի իր ծրագիրները իրականացնելու։ Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութեան մէջ այս անգամ ճեղքեր չկան եւ աւելի կեդրոնացած մօտեցում ստեղծուած է անոր արտաքին ու ներքին քաղաքականութիւններուն համար։ Ստեղծուած այս միասնական վերահսկողութիւնը Թրամփին թոյլ կու տայ՝ առանց մեծ զիջումներու, հեշտութեամբ իր օրակարգը յառաջ մղել։ Այսօրուան իրավիճակը կը նպաստէ, որ Թրամփ արագ արձագանգէ տնտեսական եւ անվտանգային խնդիրներուն։

 

 

 

Տանըլտ Թրամփի վերընտրութիւնը, ընդհանրապէս բաղդատութիւններու ձեւաչափով, ամիսներէ ի վեր օրակարգի վրայ է՝ դրական եւ բացասական ազդակներով։ Բաւական բարեյաջող գործընթաց մը կարելի է համարել անոր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ վերընտրուիլը։ Խօսքը կը վերաբերի՝ յատկապէս այն վերլուծութիւններուն, որոնք առաւելաբար մատնացոյց կ՚ընէին այն մեծ լարուածութիւնը, որ առկայ էր ընտրութիւններէն առաջ։ Եւ իրօք, ամերիկեան հասարակութիւնը ո՛չ միայն բեւեռացուած պատկեր մը կը ներկայացնէր, այլեւ իւրաքանչիւր խմբակ իր դիմաց դրած էր միւս կողմը «ոչնչացնելու» խնդիր մը։ Շատեր գիտէին, թէ այդ լարումը պիտի տեւէր բացառապէս մինչեւ ընտրութիւններուն օրը, որմէ ետք եւ ընտրութեան յաջորդ օրը պիտի ըլլար խաղաղ ու բնականոն։ Ճիշդ է, որ այսօր իրավիճակը ընդհանրապէս խաղաղ է ԱՄՆ-ի մէջ, սակայն, մարդիկ, հասարակութիւնը եւ համայն աշխարհ այսպիսի իտէալական պատկերի մը պիտի չհանդիպէին, եթէ Թրամփին ի նպաստ տրուած քուէներու տոկոսային համեմատութիւնը բարձր ցուցանիշ մը չունենար կամ այլ խօսքով՝ եթէ քուէներու ընդհանուր պատկերը ըլլար հաւասարաչափ։ Սակայն, այդպէս չեղաւ ու լաւ է, որ այդպէս չեղաւ եւ այսպիսով հանրապետականները կարողացան պայթեցնել այն խորքային համոզումը, թէ այս փուլին եւս իշխանութիւնը պիտի շարունակէր մնալ Դեմոկրատ կուսակցութեան ձեռքը։

Բաց աստի, այսօր բոլորը համամիտ են այն գաղափարին, թէ ի տարբերութիւն պաշտօնավարութեան առաջին ժամկէտին՝ Թրամփ, գոնէ երեւութապէս, կը վայելէ անմնացորդ նեցուկը թէ՛ Ներկայացուցիչներու տան եւ թէ Ծերակոյտին։ Թէ ինչքանո՞վ կը շարունակուի եւ կը զօրեղանայ այս նեցուկը՝ դեռ յայտնի չէ, սակայն, փաստ է, որ Թրամփ պաշտօնավարութեան այս շրջանին սկսած է անօրինակ նեցուկով մը։ Կայ նաեւ խօսոյթի հարցը, որովհետեւ Թրամփի արտասանած գաղափարները եւ անոր խաղաղութեան մը հասնելու մասին յայտարարութիւնները կերպով մը բոլոր առումներով կը հանդարտեցնեն համայն աշխարհի հասարակութիւնները, որոնք գրգռութիւններու մէջէն կ՚անցնին։ Ու այս գործընթացներու միտք բանին եւ բուն գաղտնաբառը շունչ կրնան առնել միայն ու միայն Ռուսաստան-Ուքրայնա ճակատէն, որուն մասին երկար ժամանակ խօսելէ վերջ շարժման անցած է Թրամփ, միշտ այն յաւակնութեամբ, թէ ինք կարող է խաղաղ կերպով լուծել այդ արիւնալի թնճուկը։

Այդ խնդրի լուծումը կ՚ենթադրէր խօսիլ Ռուսաստանի հետ. բան մը, որուն մեծապէս պատրաստ էր Տանըլտ Թրամփ։ Անշուշտ, այսօր տեղ մը կը հաստատուի, թէ Տանըլտ Թրամփի վերընտրութիւնը եւ Քամալա Հարիսի պարտութիւնը երբեք պէտք չէ համարել պատահական։ Ամէն պարագայի, այս մասին յաւելեալ ծալքեր կը բացայայտեն միջազգային զանազան լրատուամիջոցներու վերլուծութիւնները, ուր խոշորացոյցի տակ կ՚առնուին այն ազդակները, որոնք նպաստեցին Թրամփի Սպիտակ տուն վերադարձին. վերադարձ, որ ներկայիս կը պայմանաւորէ նոր աշխարհակարգի մը ձեւաւորման ընդհանուր հունը։

Տանըլտ Թրամփ այսօր մեծ հնարաւորութիւն ունի իր ծրագիրները իրականացնելու։ Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութեան մէջ այս անգամ ճեղքեր չկան եւ աւելի կեդրոնացած մօտեցում ստեղծուած է անոր արտաքին ու ներքին քաղաքականութիւններուն համար։ Ստեղծուած այս միասնական վերահսկողութիւնը Թրամփին թոյլ կու տայ՝ առանց մեծ զիջումներու, հեշտութեամբ իր օրակարգը յառաջ մղել։ Այսօրուան իրավիճակը կը նպաստէ, որ Թրամփ արագ արձագանգէ տնտեսական եւ անվտանգային խնդիրներուն։

Ըստ մեկնաբաններու՝ երեք ուժեր ապահոված են Թրամփի վերընտրութիւնը․ աւանդական աւետարանականներ, պահպանողական հանրապետական ուժեր եւ Սիլիքոնի հովիտի գործարարներու խումբ մը։ Շարք մը համընկնումներ կան Թրամփի եւ այս խմբաւորումներուն միջեւ՝ յատկապէս ատենէ մը ի վեր անոր հետամտած համաշխարհայնացումը կազմաքանդելու նպատակը։ Չմոռնալ, որ Թրամփ սկսաւ անմիջապէս խօսիլ տնտեսական արգելքներ սահմանելու մասին Եւրոպայի, Չինաստանի եւ Ճաբոնի դէմ։

Թրամփ, ըստ երեւոյթին, կը ջանայ ձերբազատուիլ համաշխարհային տնտեսութիւնը կառավարելու պատասխանատուութենէն եւ կը ձգտի Միացեալ Նահանգները հեռացնել ռազմական միջամտութիւններէն, ինչպէս նաեւ կը համարէ, որ իր երկիրը պատասխանատու չէ ծովային ուղղութիւններու պաշտպանութեան եւ աշխարհի վրայ ամէն պատահածէն։ Ան մատնանշեց, որ այս քաղաքականութիւններուն պիտի չուղեկցին պատերազմներ եւ իւրաքանչիւր տարածաշրջանին հնարաւորութիւն պիտի տրուի վերադասաւորելու իր ռազմավարական հաւասարակշռութիւնները՝ առանց Միացեալ Նահանգներու միջամտութեան։ Այսօր արդէն երեւելի կը դառնայ, թէ ի՞նչ կէտերու կրնայ հասնիլ իրավիճակը Գանատայի, Չինաստանի եւ Եւրոպայի մէջ, ուր ծայրայեղ աջը կրնայ գլուխ բարձրացնել։

Միջազգային արձագանգներուն մէջ աչքի կը զարնեն հիմնաւոր մտավախութիւններ։ Ռուսաստանի հետ ԱՄՆ-ի երկխօսութիւնը թէեւ վերականգնուած է, սակայն, տակաւին կան բազում հարցեր։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...