image

«Կը խաղամ, կը սորվիմ, կը մեծնամ» թիւ 2 դասագիրքի ներկայացումը

«Կը խաղամ, կը սորվիմ, կը մեծնամ» թիւ 2 դասագիրքի ներկայացումը

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի պատրաստած մանկապարտէզի «Կը խաղամ, կը սորվիմ, կը մեծնամ» թիւ 2 դասագիրքի ներկայացումը:

Այս շարքի առաջին դասագիրքը լոյս տեսաւ 2019-ին եւ արդէն որդեգրուած է լիբանանահայ եւ արտասահմանի մեծ թիւով հայկական վարժարաններու կողմէ: Շարքին երկրորդ դասագիրքը լոյս տեսաւ այս տարի: Պատրաստող խումբին մաս կը կազմեն Թալին Եահնիեան, Սեդա Մածունեան, Մարիա Պիլէմճեան եւ Արազ Քելէշեան: Ծրարի գեղարուեստական ձեւաւորումը եւ նկարազարդումը կատարած է Նենսի Մումջողլեան:

Ներկայացման ներկայ գտնուեցան լիբանանահայ բոլոր հայկական վարժարաններու մանկապարտէզներու ուսուցիչներ: Բարի գալուստի խօսք արտասանեց հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ առաջին հերթին գնահատեց ուսուցիչներու` 2021-2022 տարեշրջանի ցուցաբերած աշխատանքը, նկատի ունենալով երկրի դիմագրաւած առողջապահական եւ տնտեսական ծանր կացութիւնը ու այս իմաստով մարտահրաւէրը շրջանցելու առումով անոնց ներդրած ճիգը:

 

 

Ան հաստատեց, որ, հակառակ երկրի մէջ տիրող դժուարութիւններուն, Համազգայինի հրատարակչատունը, նախագահութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, որոշեց շարունակել մանկապարտէզի նոր ու արդի դասագիրքերու պատրաստութեան աշխատանքը: Այս նպատակի իրագործման մէջ հիմնարար դերակատարութիւն ունեցաւ, ինչպէս առաջին դասագիրքի, նաեւ նոր  դասագիրքի հրատարակութեան իրականացման մէջ «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի հովանաւորութիւնը, ներդրումը եւ նիւթական աջակցութիւնը: Հաւաթեան հաստատեց, որ առանց այս հովանաւորութեան, ներկայ պայմաններուն մէջ դժուար պիտի ըլլար ճշդուած ժամկէտին այս դասագիրքի ծրագիրը աւարտել: Ան աւելցուց, որ, հակառակ երկրի պարզած ծանր կացութեան եւ ընկերատնտեսական ու առողջապահական կարիքներու անսալու առկայ առաջնահերթութեանց, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կարեւորեց նաեւ նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան ու կազմաւորման համար խիստ կենսական այս ծրագիրը: Ան յոյս եւ համոզում յայտնեց, որ յառաջիկային եւս «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը պիտի շարունակէ իր հովանաւորութիւնը այս շարքի ամբողջացման համար:  Ապա իր խօսքը փոխանցեց պատրաստող խումբի անդամ, վաստակաշատ մանկավարժ Սեդա Մածունեանին, որ անդրադարձաւ գիրքի պատրաստութեան հոլովոյթին եւ նման հրատարակութեան մը կարեւորութեան:

Թալին Եահնիեան ներկայացուց թղթապանակի բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսուցման հետ առնչուած յաւելեալ մանկավարժական մանրամասնութիւններ: Յայտնենք, որ թղթապանակը կը բովանդակէ` աշխատաթերթիկներ 4-5 տարեկան երեխաներուն համար: Անոնք կը ներկայանան երեք գոյներով: Դեղին աշխատաթերթիկները ընթերցանութեան նախավարժութեան աշխատանքներն են, վարդագոյն աշխատաթերթիկները գծագրումի վարժութիւններն են, իսկ կանաչները` թուաբանութեան աշխատանքները: Թղթածրարը ունի իր ուսուցիչին ուղեցոյցը, 9 որմազդներ եւ 101 բանալի նկարներ:

Գիրքի  ներկայացման մասնակից դարձաւ նաեւ Մարիա Պիլէմճեան: Աւարտին Համազգայինի հրատարակչատան կողմէ դասագիրքի թղթապանակներէն օրինակներ տրամադրուեցան բոլոր վարժարաններուն: