image

«Կուչիի տունը». Սեւ այրին՝ համաշխարհային պաստառներու վրայ

«Կուչիի տունը». Սեւ այրին՝ համաշխարհային պաստառներու վրայ

1995 թուականի մարտի 27-ին աշխարհը ցնցեց սպանութիւն մը. իր գրասենեակի աստիճաններուն վրայ վարձու մարդասպանի կողմէ գնդակահարուեցաւ իտալացի գործարար, «Կուչի» նորաձեւութեան հանրահռչակ տան ղեկավար՝ Մաուրիցիօ Կուչին: Աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ մարդասպանը վարձած էր անոր նախկին կինը՝ Փաթրիսիա Ռեճանին։ Կինը տեղեկացած էր, որ նախկին ամուսինը կը պատրաստուի ամուսնանալ ուրիշին հետ: Թէեւ իրենք բաժնուած էին, սակայն այդ լուրը ծանր ազդած էր նախկին կնոջ վրայ, որ, հասարակութեան մէջ դիրք ունենած, բայց լքուած կնոջ վիճակ մը ունէր:

Իտալիոյ քննչական մարմինները լաւ կ՚աշխատէին, անոնք կը քննէին իտալական զինուած խմբաւորումներու կողմէ այս սպանութիւնը կատարած ըլլալու վարկածը, ու երբէք չէին կասկածեր ընտանիքի անդամներէն: Դէպքէն միայն երկու տարի յետոյ քննիչները որոշեցին ստուգել նաեւ Փաթրիսիան, եւ յանցագործութիւնը շատ արագ բացայայտուեցաւ: Սպանութիւնը պատուիրելու եւ կազմակերպելու համար Փաթրիսիա Ռեճանին 1997 թուականին ձերբակալուեցաւ, ձերբակալուեցան նաեւ մարդասպանները: Ընթացաւ դատավարութիւն, որ մեծ արձագանգ գտաւ ամբողջ Իտալիոյ տարածքին: 1998 թուականին Ռեճանին յանցաւոր ճանչցուեցաւ իր նախկին ամուսնոյն՝ Մաուրիցիօ Կուչիի սպանութիւնը կազմակերպելու մէջ եւ դատապարտուեցաւ 29 տարուան ազատազրկման, անոր յանցակիցները նոյնպէս մինչեւ 25-29 տարուան պատիժ ստացան:

Մամուլը կը շարունակէր լուսաբանել այս աղմկայարոյց գործը, եւ Կուչիի ժառանգներէն մէկուն կինը լրատուամիջոցներու խորագրերուն մէջ ստացաւ «Սեւ այրի» բնորոշումը: Ան այդ կերպարով ալ ներկայացած էր ամուսինին յուղարկաւորութեան՝ ցուցաբերելով սառնասրտութիւն, ինչ որ նոյնպէս օրին չմատնեց յանցանքը:

Մինչ բանտի ճաղավանդակներուն ետին յայտնուիլը՝ Փաթրիսիա Ռեճանի հարուստ կնոջ հետաքրքրական կեանք ունեցած էր. Մաուրիցիօ Կուչիի՝ հռչակաւոր Կուչիօ Կուչիի թոռան հետ ան ամուսնացած է 1973 թուականին եւ անկէ երկու դուստր ունեցած: Անոնք ծանօթացած են երեկոյի մը ընթացքին, եւ հակառակ որ Մաուրիցիոյի հայրը դէմ էր անոնց ամուսնութեան, սակայն, ընտանիքը ի վերջոյ տեղի տուաւ եւ անոնք ամուսնացան:

1980-ականներուն Փաթրիսիա Կուչի Իտալիոյ հարուստ եւ բարձրաշխարհիկ կիներէն մէկն էր, որ մեծ ազդեցութիւն կը ձգէր հասարակութեան մէջ։ Այդ ազդեցութիւնը ունեցած էր ոչ միայն ըլլալով Կուչիներու հարսը, այլեւ իբրեւ կին հմայիչ էր եւ ճաշակով: Ամուսնոյն եւ դուստրերուն հետ հիմնականը կը բնակէին սկեսրայր Կուչիի կողմէ նուէր ստացած շքեղ առանձնատանը՝ Նիւ Եորքի մէջ, ընկերացած էր ամերիկեան յայտնի գործիչներու հետ, մտերիմ էր Ժավլին Քենետիին, որ նոյնպէս իր ժամանակին աշխարհի ազդեցիկ կիներէն էր եւ «Կուչի»ի դէմքերէն մին: Երկար տարիներ Փաթրիսիա իր ամուսինին հետ ապրած է երջանիկ եւ հեքիաթային կեանք՝ ունենալով ամէն ինչ՝ զբօսանաւեր, թանկարժէք զարդեր, բարձրակարգ ճանապարհորդութիւններու եւ հրաւէրներու տոմսեր… Սակայն այս բոլորին մէջ կար սեւ կէտ մը, որ գուցէ պատճառ դարձաւ երջանիկ ամուսնութեան աւարտին: Մաուրիցիօ Կուչիի մեծ հօր մահէն յետոյ նորաձեւութեան տան ղեկավարութիւնը անցած է անոր որդիներուն: Անոնցմէ մին գործը փոխադրած է ԱՄՆ եւ այնտեղ զարգացուցած, մինչդեռ Իտալիա մնացած միւս որդին՝ Ռոտոլֆօ Կուչի, որ Մաուրիցիոյի հայրն էր, որոշ ժամանակ յետոյ յանկարծամահ եղած է: Իտալիոյ մէջ գործին ղեկավարումը, կտակի համաձայն անցած է որդիին՝ Մաուրիցիօ Կուչիին: Վերջինս, հաւանաբար պատրաստ չէր նման գործի եւ կը ձախողի՝ չի կրնար յառաջընթաց արձանագրել ընտանեկան ձեռնարկատիրութենէն ներս, որ մեծ համբաւ ունէր իր արտադրած հագուստով, օծանելիքով, նորաձեւ իրերով եւ կտորեղէնով:

1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն «Կուչի տուն»ը փառքի գագաթին կը հասնի, բայց 1980-ականներուն անկում կ՚ապրի, եւ մանաւանդ Իտալիոյ մէջ Մաուրիցիոյի ղեկավարութիւնը կը փլուզուի: Նոյն այդ ժամանակ ալ Փաթրիսիան կը սկսի քննադատել իր ամուսինը, չի հաւնիր անոր կառավարման ձեւը, զայն անգրագէտ կը կոչէ ձեռնարկատիրութեան մէջ: Ատկէ զատ Կուչիի ժառանգներուն միջեւ ծագած նիւթական վէճերը աւելի կը սրեն իրավիճակը, Իտալիոյ մէջ ընկերութիւնը մաս-մաս կը վաճառուի:

1985 թուականին՝ 12 տարուան ամուսնութենէն յետոյ, Մաուրիցիոն կը ձգէ Փաթրիսիան՝ ըսելով, որ կարճ գործուղում մը ունի: Ան կը մեկնի ու այդպէս ալ չի վերադառնար: Արդէն յայտնի էր, որ ան ընտանիքը ձգած էր՝ երիտասարդ կնոջ մը հետ ըլլալու համար՝ մոռնալու նաեւ մշտական վէճերը ընտանիքին մէջ եւ ձախողումները՝ ընկերութենէն ներս: 1994 թուականին Փաթրիսիան եւ Մաուրիցիոն պաշտօնապէս կ՚ամուսնալուծուին: Ամուսնալուծման դատավարութեան ժամանակ Փաթրիսիա Ռեճանին կը հասնի անոր, որ ամուսինը իրեն վճարէ տարեկան մօտաւորապէս մէկ միլիոն ամերիկեան տոլարի համարժէք ապրելագին։

Մէկ տարի յետոյ Փաթրիսիայի մօտ կ՚ախտորոշուի գլխուղեղի ուռեցք: Ուռեցքը կը հեռացնեն, հիւանդութիւնը կը բուժուի՝ առանց որեւէ բացասական հետեւանքի: Վերականգնողական շրջանին կինը յոյս ունէր, որ ամուսինը խելքի կու գայ, կը վերադառնայ իր մօտ, աջակցութիւն ցոյց կու տայ, բայց Մաուրիցիոն այդպէս ալ չի դառնար:

Փաթրիսիան միեւնոյն ժամանակ հարցազրոյցներ կու տար մամուլին, ուր ոչ մէկ լաւ բառ կ՚ըսէր զինք լքած ամուսինին մասին: Բնական է, որ ան վրէժով լեցուն էր:

Փաթրիսիա ունէր ընկերուհի մը, որուն հետ երկար ժամանակ կ՚անցընէր: Այդ ընկերուհին մոգ էր՝ աստղագէտ, կը զբաղէր գուշակութիւններով, դիւթութեամբ, խաղաքարտերով բախտ բանալով… Ենթադրութիւններ կան, որ այդ գուշակութիւններէն մէկուն ժամանակ ալ «անտես ոգիները» կ՚առաջարկեն Փաթրիսիային՝ սպաննել ամուսինը, որպէսզի իր կեանքը լաւանայ…

Բանտ մտնելէ յետոյ Փաթրիսիային դուստրերը կը սկսին պայքարիլ՝ պատժաչափը փոփոխելու համար՝ պնդելով, որ ուղեղի ուռեցքը ազդած է իրենց մօր առողջական եւ հոգեբանական վիճակի վրայ։

2000 թուականին Միլանոյի վերաքննիչ դատարանը անփոփոխ կը ձգէ դատավճիռը, բայց պատժաչափը կը կրճատէ մինչեւ 26 տարի։

Նոյն թուականին Ռեճանին փորձած է անձնասպան ըլլալ՝ բանտախուցին մէջ լարէն կախուելու միջոցով, բայց անոր կեանքը յաջողած են փրկել։

2011 թուականին Ռեճանիին առաջարկած են անցնիլ բաց կարգով բանտային վարչաձեւի, որ աշխատիլ կ՚ենթադրէր, բայց ան հրաժարած է, ըսելով. «Ես կեանքիս մէջ չեմ աշխատած եւ հաստատ չեմ պատրաստուիր հիմա սկսիլ»։ Անոր արտօնած են բանտին մէջ կենդանի պահել եւ մօր հետ տեսակցիլ: Կուչիի հռչակաւոր հարսը վաղաժամ ազատում կը փափաքէր, ինչի միակ պայմանը աշխատանքն էր: Փաթրիսիան որոշ ժամանակ անց կը զիջի եւ մօտ երեք տարի բաց վարչաձեւով բանտային պայմաններու ներքոյ իբրեւ խորհրդատու վաճառող կ՚աշխատի Միլանոյի ոսկերչական իրերու «Bozart» ընկերութեան մէջ: Բանտին մէջ անոր վարքը ընդհանրապէս դրական էր եւ վաղաժամ ազատ կ՚արձակուի 2016 թուականին՝ 18 տարուան բանտարկութենէն յետոյ:

2017 թուականին Կուչիներու նախկին հարսը Կուչիի կալուածքէն ստացած է 900 հազար ֆունտ սթերլինի չափով վարձ: Այդ մէկը հնարաւոր դարձած է 1993 թուականին ստորագրուած համաձայնագրի մը շնորհիւ։ Դատարանը նաեւ որոշում կայացուցած է անոր վերադարձնել աւելի քան 16 միլիոն ֆունտ սթերլին, որպէս բանտին մէջ գտնուելու ընթացքին ամուսնալուծութեան փոխհատուցում, որ կը գտնուէր անոր երկու դուստրերու տիրապետման ներքոյ։

Փաթրիսիայի դուստրերը՝ Ալեկրա եւ Ալեսանտրա Կուչիները միլիոններ ժառանգած են հօր հաշիւներէն, միաժամանակ՝ տուներ Իտալիոյ եւ ԱՄՆ-ի տարածքին: Անոնք կը բնակին Զուիցերիա, առանց որեւէ հանրային աշխուժութեան: Ռեճիանին, ինքզինք սնանկ յայտարարած է, սակայն դուստրերու նիւթական օգնութեան շնորհիւ աղքատ չէ: Անոր փառքը տակաւին չէ մարած: Բանտէն ազատ արձակուելէ ետք առաւել եւս յայտնուած է լրատուամիջոցներու եւ հասարակութեան ուշադրութեան կեդրոնը, բայց յայտարարած է, որ այսօր այլեւս ուրախութիւն չ՚ապրիր շքեղ կեանքէն, այլ միայն խաղաղութիւն կ՚ուզէ դուստրերուն համար:

 

«ԿՈՒՉԻԻ ՏՈՒՆԸ»

2019 թուականի նոյեմբերին յայտարարուեցաւ «Կուչիի տունը» շարժապատկերի նկարահանման մեկնարկի մասին, որու բեմագրութիւնը հիմնուած է Ռեճանիի ամուսնութեան եւ Մաուրիցիոյի սպանութեան պատմութեան վրայ։ Շարժանկարի բեմագրութեան հեղինակը բրիտանացի բեմադրիչ, արտադրիչ եւ դերասան Ռիտլի Սքոթն է, իսկ Փաթրիսիա Ռեճանիի դերակատարը՝ ամերիկացի յայտնի երգչուհի, երգահան, արտադրող, պարուհի, դերասանուհի, հագուստի նախագծող, բարերար եւ ձեռնարկատէր Լէյտի Կական: Նկարահանումները սկսած են 2021 թուականի փետրուարին՝ Հռոմի մէջ: Փաթրիսիա Ռեճանին ի սկզբանէ ուրախութեամբ չէ ընդունած այս պատմութիւնը շարժանկարի վերածելու գաղափարը:

«Ես երկու դուստր ունիմ, եւ ինծի հաճելի պիտի չըլլայ, որ անոնք ստիպուած ըլլան վերապրիլ իրենց հօրը առընչուող այդ դէպքը»։ Այնուամենայնիւ, նկարահանումները սկսած են եւ յաջողութեամբ աւարտած: Նոյն տարուան վերջաւորութեան կայացած է շարժանկարի համաշխարհային առաջնախաղը: Զայն ցուցադրելու իրաւունքը գնած է «Մեթրօ Կոլտուին Մայէր» ընկերութիւնը: Շարժանկարին մէջ կը ներկայացուին նաեւ Կուչիօ Կուչիի զաւակները: Մաուրիցիոյի մեծ հայրը՝ Կուչիօ Կուչին, Կուչիի տան հիմնադիրը, ունեցած է չորս որդի՝ Ալտօ, Ռոտոլֆօ, Ուկօ եւ Վասքօ եւ մէկ դուստր: Կուչի աւագը կը խրախուսէր որդիներու միջեւ վէճերը, կռիւները եւ մրցակցութիւնը, արդիւնքին ընտանիքի ամենաուժեղ անդամը՝ Ալտոն, ամենայաջողը ղեկավարեց ընտանեկան ձեռնարկատիրութիւնը: Ան «Կուչիի տան» ճիւղեր բացաւ կարգ մը երկիրներու մէջ, ունեցաւ բազում ձեռքբերումներ. ԱՄՆ-ի նախագահ Քենէտին զինք հռչակած էր Իտալիոյ մէջ նորաձեւութեան առաջին դեսպան, անոր շնորհած էր շքանշաններ:

Շարժանկարին մէջ ցոյց կը տրուի, որ անոր եղբայրը՝ Ռոտոլֆօ Կուչին է ապրանքանիշի ճանաչելի տպումին հեղինակը, սակայն իրականութեան մէջ հեղինակը եղած է Ալտոն։ Ան նաեւ նախագծած է ապրանքային նշանի պատկերանշանը՝ փոխկապակցուած «G»երով:

Ալտօ Կուչիի ժառանգները իրենց կարգին դժգոհութիւն յայտնած են շարժանկարի բեմագրութեան դէմ՝ նշելով, որ ընտանիքի անդամներուն կերպարները խեղաթիւրուած են կամ յատուկ ընդգծուած են որոշ կերպարներ: Անոնք վրդովուած են, որ բեմադրիչները չեն խորհրդակցած Ալտօ Կուչիի ժառանգներուն հետ՝ նախքան անոր կերպարին անդրադառնալը: Բողոքած են, որ ընդհանրապէս այս շարժանկարը ցոյց կու տայ Կուչիի ընտանիքի անդամները իբրեւ աւազակներ, անգրագէտներ եւ իրենց շրջապատող աշխարհի նկատմամբ: Միաժամանակ շարժանկարին մէջ չ՚երեւիր Կուչիի միակ դուստրը, որ երկար տարիներ աշխատած է ընկերութեան մէջ, այդ առումով շարժանկարը խտրական կը նկատուի՝ կեդրոնանալով միայն Կուչի ընտանիքի տղամարդոց կեանքին վրայ: Ալտօ Կուչիի թոռնուհիներէն մէկը աւելի ուշ յայտարարած է, որ իր մեծ հայրը մարմնաւորող Ալ Փաչինոն կարճահասակ է, գէր, կարճ այտմորուսով եւ տգեղ, մինչդեռ իր մեծ հայրը, ինչպէս Կուչի ընտանիքի բոլոր տղամարդիկը, գեղեցիկ եղած են:

Ալտօ Կուչիի ժառանգները ուրիշ սուր յայտարարութիւններ նոյնպէս կատարած են եւ ըսած, թէ ամէն ինչ պիտի ընեն՝ Կուչիի տան պատիւն ու արժանապատուութիւնը պաշտպանելու համար, համոզուած են, որ շարժանկարը ստեղծողները գողցած են իր ընտանիքի ինքնութիւնը՝ շահոյթ ստանալու, Հոլիվուտի դերասաններու եկամուտը բազմացնելու համար։

Ճիշդ է՝ այսօր «Կուչի»ի տան ղեկավարներու մէջ այլեւս Կուչի ընտանիքի անդամներ չկան, սակայն հռչակաւոր ընտանիքի ժառանգները ողջ են եւ տակաւին կը վայելեն նորաձեւութեան տան հռչակն ու փայլը՝ հպարտանալով, որ 1921 թուականին Կուչիօ Կուչիի ստեղծարար միտքը Իտալիոյ մէջ սկիզբ դրաւ բարձր նորաձեւութեան: Ստեղծարար եղած են նաեւ զաւակները. բնական կաշիի շուկային մէջ եղած ճգնաժամի տարիներուն Ալտօ Կուչի առաջարկած է կտոր ստանալ թելատու բոյսէ մը՝ կորքորէն, յետոյ յօրինած եւ արտօնագրած գիւտ մը, որ հնդկեղէգը կը դարձնէր աւելի ճկուն ու փափուկ եւ կը զայն կը գործածուէր իբրեւ պայուսակի բռնակ: Ի դէպ, «Կուչիի տուն»ը շարժանկարին մէջ կ՚երեւայ ընկերութեան յայտնի այդ պայուսակը՝ եղէգնեայ կոթով: Շարժանկարին մէջ նաեւ կը ցուցադրուին մուշտակներ, որոնք կը կրէ գլխաւոր հերոսուհին, սակայն այդ մէկը նոյնպէս դէմ է «Կուչի» տան ներկայ քաղաքականութեան: Ինչպէս յայտնի է՝ 2018 թուականէն ի վեր նորաձեւութեան տունը ամբողջութեամբ հրաժարած է բնական մուշտակներէ՝ ի պաշտպանութիւն վայրի կենդանիներու: Բնապահպանական այս նկատառումը մեծ ընդունելութիւն գտած է աշխարհի մէջ, սակայն խիստ գործող բնապահպաններ նշած են, թէ միեւնոյն է «Կուչիի տուն»ը մեծ քանակութեամբ բնական կաշի կը գործածէ՝ կօշիկ, պայուսակ, գօտի եւ այլ իրեր արտադրելու մէջ:

«Կուչիի տուն»ը շարժանկարին մէջ ակամայ կը ցուցադրուի այն ամբողջ պերճանքով ու շքեղութիւնով, որ հանրայայտ նորաձեւութեան տունը ունեցած է անցեալ դարուն՝ մանաւանդ Կուչիներուն շնորհիւ: Բայց շարժանկարը աւելի շատ ափսոսանքի մասին է, թէ ինչպէ՛ս խանդը, ագահութիւնը, դրամամոլութիւնը եւ հպարտութիւնը կարող են կործանել մարդոց կեանքը, ստեղծածը եւ անունը: Պատահական չէ, որ բեմագրութիւնը գրուած է Սառա Կէյ Ֆորտէնի գիրքի հիման վրայ, որու խորագիրն է «Կուչիի տունը․ սպանութեան աղմկոտ պատմութիւն. խելագարութիւն, հրապոյր եւ ագահութիւն»:

Լէյտի Կակայէն զատ շարժանկարին մէջ կան յայտնի անուններ եւս. դերասան Էտըմ Տրայվեր կը մարմնաւորէ դաւադրաբար սպաննուած Կուչին: Ժապաւէնին մէջ նկարահանուած են նաեւ Ալ Փաչինոն, Ճերըմի Այրընսը, Ճերըտ Լեթոն, Սալմա Հայէկը եւ այլ նշանաւորներ:

Շարժանկարը արժանացած է կարգ մը միջազգային մրցանակներու:

Մինչեւ ցուցադրուիլը՝ զայն բաւական յայտնի դարձած էր. կը նշուի, որ ցուցադրութեան իրաւունքը գնած ընկերութեան գովազդի եւ առաջխաղացման բաժնի փոխ-տնօրէնը հայ է՝ հոլիվուտեան բազմաթիւ նախագիծերու մէջ ներգրաւուած իրանահայ երիտասարդ Նարպէ Միրզախանեանը:

Աշխարհի մէջ նորաձեւութեան ձեռնարկատիրութեան ամենայայտնի ընկերութեան հիմնադրումէն մէկ դար անց աշխարհը կեցած է այլ խնդիրներու առջեւ, բայց նորաձեւութիւնը միշտ իր տեղը ունի, եւ զայն կերտողները, պատերազմողներու պէս, յաճախ արիւնով կ՚անցնին իրենց ճանապարհը:

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...