Օրերս Կիպրոսի միակ հայկական «Նարեկ» վարժարանի տնօրէնուհին, որ կը գտնուէր Պոլիս այցելութիւն տուած է Պոլսոյ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պատրիարքութեան դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 3 Յունուար 2024, Չորեքշաբթի, ընդունեց Հարաւային Կիպրոսէն Նարեկեան Վարժարանի Տնօրէն Վերա Թահմազեանի եւ ամուսնոյն այցելութիւնը։ Հիւրերուն կ’ընկերանային Շնորհիկ Ալթուն եւ իր դուստրը՝ Թալին Սիւզմէ։
Հիւրերը, որոնք կ’այցելէին քաղաքս, փափաքած էին այցելել նաեւ Պատրիարքարան եւ հանդիպում ունենալ Նորին Ամենապատուութեան հետ։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին Կիպրահայ համայնքի ու այնտեղի կրթական կեանքի, իրենց աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին։
Անոնք առիթն ունեցեր էին այցելելու Պոլսահայ համայնքային վարժարանները եւ ծանօթանալու այստեղի կրթական կեանքին հետ։
Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար, տեղեկութիւններ տուաւ Պատրիարքական Աթոռոյս եւ համայնքիս մասին եւ գնահատեց իրենց աշխատանքներն ու կրթական գործունէութիւնը։