ՀՀ սննդամթերքի անվտանգութեան տեսչական մարմինը, ուսումնասիրելով տեղեկատուութիւնը այն մասին, որ եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ արձանագրուած են տուրմի, մասնաւորապէս` «Քինտըր» տուրմէ հաւկիթներու, օգտագործման արդիւնքով սալմօնելայով վարակուելու տասնեակ դէպքեր` վերահսկողական միջոցառումներ սկսած է «Քինտըր» ապրանքանիշի տուրմի եւ տուրմային արտադրանքի նկատմամբ:
Նշուած ապրանքանիշը ներածող երկու կազմակերպութիւններուն մէջ` «Սլաւ Կրուփ» (կը ներածէ Ռուսաստանէն) եւ «Սաս Կրուփ» (կը ներկածէ Գերմանիայէն) կ'իրականացուի պետական վերահսկողութիւն` ստուգում, որու ծիրին մէջ ընկերութիւններուն մէջ առկայ խմբաքանակներէն կը կատարուի նմուշառում եւ կը ներկայացուի տարրալուծարանային փորձաքննութեան:
Տրուած է նաեւ Գերմանիայէն ներածուող «Քինտըր» ապրանքանիշի տուրմի եւ տուրմային արտադրանքի ներմուծման ժամանակաւոր արգելանքի հրաման:
Տարրալուծարանային փորձարկումներու արդիւնքները պիտի հրապարակուին: