image

Խումբ մը ներգաղթեալներ հատած են սահմանը եւ անցած՝ Լեհասատան

Խումբ մը ներգաղթեալներ հատած են սահմանը եւ անցած՝ Լեհասատան

«Սփութնիք Պելառուս» գործակալութիւնը տեսանիւթ հրապարակած է, ուր պատկերուած են երկրի սահմանին ներգաղթեալներու կուտակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակի հետեւանքները: Ներգաղթեալներէն ոմանք յաջողած են անցնիլ Լեհաստան «Պրուզկի» անցակէտին մօտ:

Հրապարակուած տեսանիւթին մէջ կ'երեւի, որ խումբ մը փախստականներ, լքելով Պելառուսիոյ տարածքը, կը շարժին լեհական սահմանի արգելապատնէշի երկայնքով: 

Լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ՝ անոնք վնասած են փշալարերէ պատրաստուած արգելապատնէշը ու հատած են սահմանը: Պելառուսական սահմանապահ ծառայութենէն յայտնած են, որ իրենց ուժայինները չեն օգնած ներգաղթեալներուն անցնիլ սահմանը: