image

Խրամորթը դարձեալ կրակի տակ. Կայ վիրաւորեալ

Խրամորթը դարձեալ կրակի տակ. Կայ վիրաւորեալ

12 նոյեմբերի ժամը 18:00-ի սահմաներուն, ոստիկանութեան Ասկերանի շրջանային բաժինը հաղորդում ստացուած է, որ Խրամորթ գիւղի վարչական տարածքին մէջ ատրպէյճանական մարտական դիրքէն հրաձգային զինատեսակներէն կրակոցներ արձակուած են դաշտը քարշիչով (տրակտորով) աշխատող քաղաքացիական անձերու ուղղութեամբ: Այս մասին յայտնած են Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութենէն:

Դէպքի վայր մեկնած շրջանային բաժնի ծառայողները պարզած են, որ նոյն օրը ժամը 16:30-ի սահմաններուն, Խրամորթ գիւղի բնակիչներ` 27-ամեայ Ս.Վանեանը եւ 45-ամեայ Ա. Հայրապետեանը նշուած գիւղի վարչական տարածքի «100 հեկտար» կոչուող տեղանքին մէջ, «Տ-150» մակնիշի քարշիչով գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացուցած ատեն, մերձակայ տարածքը տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքէն անոնց ուղղութեամբ կրակ արձակուած է ։

Կրակոցներէն ջարդուած է քարշիչի դէմի եւ ետեւի հողմապակիները, որոնց կտորները դպած են Ա. Հայրապետեանի դէմքին`պատճառելով մարմնական վնասուածքներ:

Վերջինս տեղափոխուած է հանրապետական բժշկական կեդրոն։

Նիւթերը տրամադրուած են ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին։

Ստուգմամբ կը զբաղի ոստիկանութեան Ասկերանի շրջանային բաժինը։