Այս օրերուն Հայաստանի դատական համակարքի բարեփոխումներու ծրագիրը գայթակղալից հանգրուանի մը մէջ կը գտնուի. այս անգամ գայթակղալի թատրոնին գլխաւոր դերասանն է Գագիկ Ջահանկիրեսնը:
Այս հերոսին անունը ծանօթ պէտք է ըլլայ մեր ընթերցողներուն, որովհետեւ այս ապականած (կորումբացուած) դատաւորը ատենին ՙԱզգ՚ օրաթերթը իր օրինաւոր տէրերէն խլելով յանձնած էր կարգ մը բախտախնդիրներու, չենք գիտեր ինչ բանի փոխարէն:
Այսօր ան փորձանք մը դարձած է ամբողջ Հայաստանի գլխուն. ընդդիմադիր մամուլն ու պալատականները միաբերան կը պահանջեն անոր հրաժարումը: Սակայն, անոր պինդերեսութիւնը թոյլ չի տար որ ան ամօթահար հեռանայ իր պաշտօնէն:
Խնդիրը, սակայն, անհատ դատաւորի մը շահատակութեան հարցը չէ. այլ այդ անհատական պարագայով կը բացատրուի թէ այլասերած համակարգ մը փոխարինելու համար կը գործադրուին աւելի այլասերած միջոցներ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երբ տիրացաւ Հայաստանի գործադիր եւ օրէնսդիր լծակներուն` իր հասողութենէն դուրս կը մնար դատական համակարգը: Ժողովրդավարութիւն հաստատելու լոզունքներով ճամբայ ելած ՙԹաւշեայ յեղափոխութիւնը՚ պէտք է գործած ըլլար ժողովրդավարական սկզբունքներով, որոնց մէջ փոխադարձ հակակշիռներով կը գործեն օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւնները:
Փողոցային պայքարով իշխանութեան հասած իշխանաւորը փորձեց նոյն փողոցային միջոցներով ալ իր հակակշռին տակ առնել դատական համակարգը: Նախ ամբոխը հրահրեց որ երթայ եւ փակէ դատարաններուն դուռները` կաթուածահար դարձնելով դատական համակարգը: Ապա, հերթով սկսաւ վարկաբեկել դատական իշխանութեանց գլխաւոր կառոյցներու ղեկավարները, ամբաստանելով որ անոնք անկախ կերպով չեն գործեր. մինչդեռ իրականութիւնը այն էր որ անոնք չէին ուզեր ենթարկուիլ նոր իշխանաւորին: Ոեւէ դատաւորի անցեալէն գալը արդէն վարկաբեկիչ հանգամանք մը դարձած էր նոր իշխանաւորներուն, որքան ալ անաչառ եւ արհեստավարժ ըլլային այդ դատաւորները:
Պէտք է այստեղ նշել Սահմանադրական Դատարանի դէմ մղուած տգեղ պայքարը` իշխանութեանց նախաձեռնութեամբ եւ պալատական մամուլի գործակցութեամբ ու թմբկահարութեամբ: Այդ պայքարը յաջողեցաւ հեռացնել Հրայր Թովմասեանը նախագահի պաշտօնէն, բայց ոչ` Սահմանադրական Դատարանէն:
Այդպիսի արշաւներու նշաւակ դարձան տարբեր մակարդակի դատաւորներ, որոնք հետզհետէ սկսան փոխարինուիլ իւրայիններով:
Նիկոլ Փաշինեան միշտ այպանած է նախկինները, որոնք կ'ուղղորդէին դատաւորները իրենց հրահանգներով եւ հեռախօսային զանգերով: Մինչ Փաշինեան կը հպարտանայ ըսելով` ՙես ինքս ոեւէ դատաւորի չեմ զանգել՚: Պէտք է հաւատալ վարչապետի հաւաստումին. իրապէս ալ ան պատճառ չունի զանգելու կամ հրահանգելու դատաւորներուն, որովհետեւ, երբ դատարանին գլուխը նստած են իւրայիններ` անոնք գիտեն իշխանութեան օրակարգը եւ կը կատարեն իրենց ՙպարտականութիւնը՚, առանց վերէն զանգի սպասելու:
Ռոպերթ Քոչարեանը Մարտի 1-ի խնդրով բաւական խայտառակելէ եւ բանտարկելէ ետք, անպարտ արձակուեցաւ: Թէեւ Քոչարեան բարի ծաղիկ մը չէ, սակայն, հիներու դէմ պայքարը սաստկացնելու համար որոշուեցաւ սահմանադրութեան մէջ նոր յօդուած մը աւելցնել, որովհետեւ պարզուեցաւ որ Քոչարեանի դէմ դատական հետապնդումը արդարացնող յօդուած գոյութիւն չունէր սահմանադրութեան մէջ:
Այսօրուան թատրոնը Դատական Բարձրագոյն Խորհուրդի (ԴԲԽ) շուրջ է: Երեւակայեցէք որ այս Խորհուրդին պաշտօնն է վերահսկել դատաւորներու գործունէութիւնը եւ ապահովել անոնց առարկայականութիւնն ու անաչառութիւնը իրենց վճիռներուն մէջ: Եւ այս խորհուրդին նախագահն է (կամ` պաշօնակատարը) ամէնէն խայտառակ եւ խայտարակուած դատաւոր մը` Գագիկ Ջահանկիրեանը: Այս խորհուրդին նախկին նախագահն էր Ռուբէն Վարդազարեան:
Ուրեմն, իշխանութիւնները պաշտօն կը յաձնեն Ջահանկիրեանին որ համոզէ Վարդազարեանը կամովին հրաժարելու: Այստեղ խնդրոյ առարկայ չեն Վարդազարեանի վարկն ու գործունէութիւնը, որոնք կրնան ստուերոտ կողմեր ունենալ, այլ այն ապօրինի միջոցները որոնցմով կը փորձուի հրաժարական պարտադրել ենթակային: Նախ քրէական ամբաստանութիւններ կը կատարւին Վարդազարեանին դէմ եւ ապա Ջահանկիրեան սակարկութեան կը նստի անոր հետ համոզելու համար որ կամովին հրաժարի` չենթարկուելու համար դատական հետապնդումի:
Վարդազարեան այդ սակարկութիւնը գաղտնօրէն ձայնագրած է եւ վերջերս զայն հրապարակեց: Բացի անկէ որ այդ խօսակցութեան մէջ ապօրինի առաջարկներ կը կատարուին, այնտեղ գործածուած լեզուն ամէնէն ստորին ստահակին վայել խօսակցութիւն մըն է: Ախտաւոր եւ ախտավայակ գործելու կերպ մը` դատական համակարգը բարեփոխելու: Այսպիսի միջոցներով կարելի է միայն չտարափոխել դատական համակարգը:
Զարմանալի չէ որ այս գործելակերպը ստացած է ընդհանուր բնոյթ. օրինակ, երբ կը կատարուին Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւնները, այն պարագային որ յաղթական կ'ելլէ ընդդիմադիր թեկնածու մը` անպայման զրպարտութիւն մը կը կատարուի անոր դէմ, խափանելու համար ենթակային պաշտօն ստանձնելը, ինչպէս տեղի ունեցաւ օրինակ Վանաձորի մէջ, ուր ընտրութեանց յաղթական հանդիսացող Մամիկոն Ասլանեան առաջնորդուեցաւ բանտ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ իր շրջանակը այսպիսի միջոցներով հաշուեյարդար կը կատարեն իրենց հակառակորդներուն կամ իրենց չենդարկուողներուն դէմ:
Այսպիսի խարդաւանքի մը զոհ դարձած է վերջերս Կորիւն Ներսիսեանը, որ Շենգաւիթի վարչական շրջանի դատախազի տեղակալն է: Անոր դէմ կատարուած է կաշառքի ամբաստանութիւն: Երբ տակաւին չեն աւարտած դատական գործարքները, արդէն պալատական մամուլը կատարած է իր զազրելի գործը, ենթական առնչելով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ, որուն եղբօրորդին է ամբաստանեալը:
Նիկոլ Փաշինեանի թերթը` ՙՀայկական Ժամանակ՚ը, որուն խմբագիրը վարչապետին կինն է` Աննա Յկոբեան, չբաւականանալով լուրը հաղորդելով` ամբաստանեալի կողքին հրատարակած է նաեւ կաթողիկոսի նկարը. լրագրական անպարկեշտութեամբ բնութագրելը այս երեւոյթը` նուազագոյնն է:
Ռուսաստան եւ Վրաստան կը բարձրացնեն եկեղեցիին եւ կրօնապետին վարկը, այդ ձեւով իրենց հեղինակութիւնը կը տարածեն հաւատացեալներու զանգուածներուն վրայ. մինչդեռ մեր ՙյեղափոխական՚ իշխանութիւնը, առաջին օրէն պայքար բացած է Ս. Էջմիածնի եւ անոր Հայրապետին դէմ, կերպով մը կտրելով իր նստած ճիւղը:
Այո, պէտք է բարեփոխուի դատական համակարքը: Եւ Ջահանկիրեանները պէտք է ղրկուին ՙՃեհհեննեմ՚ (դժոխք), իսկ անոնց վերադասնե՞րը ...: