image

Խմբագրական «Ազդակ»ի . Լիբանանի առեւանգուած անկախութիւնը

Խմբագրական «Ազդակ»ի . Լիբանանի առեւանգուած անկախութիւնը

Երկրի մը անկախութեան ամէնէն ցուցանշային կէտը սահմաններու անխախտելիութիւնն է, գերիշխան տարածքներու վրայ ամբողջական վերահսկողութիւնը: Խոցելի դարձնելու համար անկախութիւնը, տարբեր կողմեր կը դիմեն այնպիսի գործողութիւններու, որոնք խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն սահմաններու ամրակայութիւնը: Զուգահեռ` տնտեսապէս կախեալ պահելու, պետական հաստատութիւններ անդամալուծելու, հասարակութիւն-կառավարութիւն անջրպետ յառաջացնելու եւ ասոնցմէ բխած բոլոր հետեւանքները ձեւական կը դարձնեն երկրին անկախութիւնը:

Սահմանները միայն ցամաքային չեն. անոնք  նաեւ օդային են եւ ըստ աշխարհագրական դիրքի`  նաեւ ծովային: Եթէ սահմանային վէճեր գոյութիւն ունին, ապա կը կատարուի սահմանազատում-սահմանագծում. ընդ որում ո՛չ միայն ցամաքային, այլ նաեւ ծովային:

Իսրայէլ երկար ատենէ ի վեր կը խախտէր Լիբանանի տարածքային ամբողջականութիւնները բոլոր ուղղութիւններով: Իսրայէլեան օդանաւեր բազմիցս կը սաւառնէին լիբանանեան օդային տարածքներու վրայ: Նոյնիսկ կը հարուածեն իրենց կողմէ ընտրուած յենակէտեր: Իսրայէլեան ուժերը բռնագրաւուած կը պահեն հարաւային Լիբանանի որոշ տարածքային գօտի: Բացի ռազմանաւերու կողմէ ծովային տարածքներ մուտք գործելը, Իսրայէլ կ՛արգելակէր նաեւ Լիբանանին պատկանող ընդծովեայ ուժանիւթի օգտագործման նպատակով կատարուելիք պեղումները:

Երկարատեւ միջնորդաւորուած բանակցութիւններէ ետք համաձայնութիւն գոյացաւ ծովային սահմաններու ճշդման առումով: Պաշտօնական Պէյրութը, որ կը շեշտէր, թէ Լիբանան-Իսրայէլ ցամաքային սահմանագծումը եւս հրամայական է, կը սպասէ տակաւին նոր սահմանագծումին. այլ խօսքով, անոր յաջորդելիք իսրայէլեան ուժերու լիբանանեան տարածքներէն հեռացումին:

Տակաւին. ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել, որ հերթական անգամ, իսրայէլեան կործանիչներ չհատեն Լիբանանի օդային տարածքը: Անոնք, որոնք շատ աշխուժօրէն վճռականութիւն դրսեւորեցին` երաշխաւորելու ծովային սահմանագծումը, նոյն սաստկութեամբ չեն խօսիր այսօր ցամաքային սահմանազատումին կամ օդային տիրոյթներ ապօրէն չներխուժելու պարտադրանքներուն մասին:

Սահմաններու խախտելիութեան զուգահեռ կ՛ընթանայ տնտեսական շրջափակումի քաղաքականութիւնը: Երկիրը ապաշրջափակելու համար առնչուած գերտէրութիւններու ներկայացուցիչները կը յուշէին, որ ծովային սահմանագծումին Պէյրութի կողմէ ընդառաջումը տեղի պիտի տայ տնտեսական նոր վերելքի` երկիրը դուրս բերելու համար ներկայ տագնապալի իրավիճակէն:

Կը թուի սակայն, որ նոր պայմաններ կախուած են այս պետութեան գլխուն: Որովհետեւ, սահմանագծումի համաձայնութիւնը բնականաբար կախարդական փայտիկի ազդեցութիւն պիտի չունենար:

Նոյն այդ երկիրներէն մեծ մասով  կախեալ է պետութեան օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական հաստատութիւններու բնականոն գործունէութեան դաշտ վերադարձը: Սահմանագծումին հետեւելիք գործողութիւններու դիմելը կ՛ենթադրէ որոշում, համաձայնութիւն, ստորագրութիւն, պայմանագիրներու կնքում: Այս բոլորը ի սպառ կը բացակային հանրապետութեան նախագահի պաշտօնի թափուր մնալով, անոր կապուած նոր կառավարութիւն չկազմելով, գերատեսչութիւնները անլիազօր ձգելով:

Համաձայնող միւս կողմը` Իսրայէլը, այժմ չի խօսիր այդ համաձայնութիւնը չեղեալ նկատելու մասին. կը թուի, որ ուժանիւթ արտադրող միջազգային ընկերութիւններ իսրայէլեան ընդծովեայ տարածքներու ուղղութեամբ իրենց ծրագրումները, եթէ ոչ պեղումները կը կատարեն արդէն:

Լիբանանի անկախութիւնը առեւանգած պետութիւնները դեռ պատրաստ չեն վերելքի կոճակները սեղմելու:

Այսքան պարզ է իրականութիւնը: Կ՛ուշանայ սակայն համաձայնելու, հանրապետութեան նախագահի համաձայնական թեկնածուի շուրջ համախմբուելու եւ կառքը տեղէն շարժելու որոշումը:

Անկախութիւնը կաշկանդիչ շղթաներ քանդելու կամքի դրսեւորում է: Չհամաձայնիլը կամովին շղթայուած մնալ է: