image

Խաղողի մթերման խնդրով տագնապ. Գիւղացիք փակած են ճանապարհը

Խաղողի մթերման խնդրով տագնապ. Գիւղացիք փակած են ճանապարհը

Լարուած իրավիճակ ստեղծուած է Արարատի մարզի մէջ։ Մի քանի գիւղերու բնակիչներ դարձեալ փակած են Երեւան-Երասխ ճանապարհի՝ Շահումեան գիւղէն դէպի Տափերական գիւղ տանող ճանապարհահատուածը։ Ինչպէս դէպքի վայրէն յայտնած է ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, մի քանի գիւղերու բնակիչներ՝ խաղողի մթերման հետ կապուած անլուծելի խնդրի համար փակած են ճանապարհը եւ կը պահանջեն հանդիպում՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։  

Ոստիկանները բանակցութիւններ կը վարեն բողոքի հաւաքի մասնակիցներու հետ, որպէսզի ճանապարհը բանան, սակայն գիւղացիները կը հրաժարին՝ ըսելով, որ արդէն համբերութեան բաժակը լեցուած է, չեն հաւատար ոչ մարզպետին, ոչ ալ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանին։