image

Խաղաղապահները մերժած են Հակարիի կամուրջ մեքենանաերով երթին ուղեկցելու դիմումը

Խաղաղապահները մերժած են Հակարիի կամուրջ մեքենանաերով երթին ուղեկցելու դիմումը

Ռուս խաղաղապահները մերժած են Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման ժողովրդական շարժման` Հակարիի կամուրջ մեքենաներով երթին ուղեկցելու դիմումը։ Այդ մասին դիմատետրի իր էջին գրած է շարժման անդամ Արթուր Օսիպեանը՝ հրապարակելով խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարի տեղակալ Սազոնովի պատասխանը։

«Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը չի նախատեսեր մեքենաներով երթերու ուղեկցում, ինչպէս նաեւ տարբեր արշաւներու եւ հանրահաւաքներու անվտանգութեան ապահովում։ Փոխադրային անցակէտերով երթեւեկութեան ժամանակ խաղաղապահ զօրակազմը կը ստուգէ արգիլուած իրերու, մասնաւորապէս, հրաձգային զէնքի եւ պայթուցիկ նիւթերու առկայութիւնը»,-ըսուած է խաղաղապահներու պատասխանին մէջ։