Կառավարութիւնը հաստատեց զոուված (մահացած) զինուորներու ծնողներու վերարտադրողական առողջութեան աջակցման միջոցառումը։ Ըստ նախագիծին՝ շահառուները պիտի կարենան աւելի մատչելի պայմաններով օգտուիլ փոխնակ մօր կամ նուիրատուական ծառայութիւններէն։
Նախագիծը ներկայացնող Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեան ըսաւ, որ ծախսերը ամբողջութեամբ պիտի իրականացուին պետութեան կողմէ, մասնաւորապէս փոխնակ մօր ծառայութենէն օգտուելու համար վճարի 100%-ի չափով (ոչ աւելի քան 5,5 միլիոն դրամը) եւ նուիրատուական ծառայութեան պարագային կրկին վճարի 100%-ի չափով (ոչ աւելի քան 600 հազար դրամը):
Ան նշեց, որ վերջին վերլուծութիւնները ցոյց կու տան, որ բազմաթիւ ծնողներ որոշում կայացուցած են նոր զաւակներ ունենալ, բայց քանի որ ծառայութիւնները բաւականին թանկ են, չեն կրնար իրականացնել այդ որոշումը։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ այդ հարցին անդրադարձած է իր ամանորեայ ուղերձին ժամանակ։ «2021 թուականին զոհուած զինծառայողների 7-ից աւելի ընտանիքներում երեխաներ են ծնուել, կարծում եմ, որ սա խորհրդանշական արժէքային, գաղափարական նշանակութիւն ունեցող փաստ է», ըսաւ ան։