image

«Կան կարմիր գիծեր». Արայիկ Յարութիւնեան

«Կան կարմիր գիծեր». Արայիկ Յարութիւնեան

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այսօր անդրադարձած է ատրպէյճանցիներու կողմէ Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի փակման:

Ան ըսած է, որ խիստ անընդունելի է Ատրպէյճանի այդ յարձակողական վարքը, որու միջոցով կ'ահաբեկէ «մեր բնակչութեանը եւ հարուածի տակ դնում մեր կենսական իրաւունքներն ու շահերը»:

«Արցախի իշխանութիւններն ու ժողովուրդն ունեն յստակ արժէքներ, սկզբունքներ ու կարմիր գծեր, որոնց պաշտպանութեան ուղղութեամբ գործադրում ենք եւ կը գործադրենք բոլոր հնարաւոր ջանքերը՝ երբեմն ոչ տեսանելի:

Համոզուած ենք, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը, որպէս ժողովրդի ու ճանապարհի անվտանգութեան երաշխաւոր, կը կիրառի բոլոր գործիքակազմերը՝ կանխելու նման սադրանքները եւ պայմանաւորուածութիւնների խախտումները՝ ուղղուած մեր ժողովրդի կենսական իրաւունքների ու շահերի դէմ»,-ըսած է Արայիկ Յարութիւնեանը:

Ան նշած է նաեւ, որ կարեւոր ընելիքներ ունին նաեւ միջազգային հանրութեան այլ դերակատարները, քանի որ «ատրպէյճանական կողմի գործողութիւնները կոպտօրէն խախտում են միջազգային իրաւունքի հանրայայտ նորմերը, եւ Ատրպէյճանը ձգտում է Արցախի բնակչութեան էթնիկ զտման ու հայրենազրկման»: