image

«Կ՚արժէ անգամ մը եւս լսել».Գէորգ Պուրսալեանի յիշատակին (Տեսանիւթ)

«Կ՚արժէ անգամ մը եւս լսել».Գէորգ Պուրսալեանի յիշատակին (Տեսանիւթ)

Բնիկ Մուսալեռցի Այնճարցիներու լայն հանրութեան կողմէ ճանաչում ունեցող ազգային գործիչ, եւ մտաւորական ՝ Եսայի Հաւաթեան կը գրէ ՝

 

Քանի մը օր առաջ, ԱՄՆի մէջ ,մահացաւ մուսալեռցի օժտուած երաժիշտ Գէորգ Պուրսալեանը։Պուրսալեանը շատ մը երգերու հեղինակ է։Պէտք է արձանագրել նաեւ որ իր ջանքերով է որ մուսա լերան պարեղանակները( հայրենի ծանօթ երաժիշտ Արմէն Մանդակունեանի մշակումով ) շատ հարազատ ներկայացուեցան որակաւոր կատարողութեամբ։

«Հոգին Հայկական» երգը,որ Գէորգ Պուրսալեանի միջոցաւ ճանաչում ստացաւ եւ տարածուեցաւ,Ըրլ եւ Աննիկ Զինտարսեաններուն ստեղծագործութիւնն է։Հրաշալի երգ մը ՝ Ժագ Ս.Յակոբեանի բառերով։Արժէ դարձեալ ունկնդրել այս հոգեհարազատ երգը՝ Գէորգ Պուրսալեանի անմեռ յիշատակին։