Կեդրոնական Իրանի մէջ հազարաւոր երկրագործներ, երաշտի լոյսին տակ, բողոքի զանգուածային շարժումներ կը կատարեն. մարդիկ իշխանութիւններէն կը պահանջեն բանալ ամբարտակը ու ջուր տալ:
Սպահանի երկրագործները բողոքի շարժումներ սկսած են Նոյեմբեր 8-էն. անոնք դժգոհ են ջրամատակարարման դադրեցումէն եւ Զեյնտեհրուտ գետի չորացումէն: Սպահանի հազարաւոր երկրագործներ, որոնք հաւաքուած են Զեյնտեհրուտ գետի ցամքած հունին վրայ, մասնակցած են Հաճի կամուրջին մօտ տեղի ունեցող մեծ երթին։
Սպահանի մէջ վերջին տարիներուն ջուրի բաշխման խնդիրը տարբեր շրջաններու երկրագործներու զանգուածային բողոքի պատճառ դարձած է։ Աւելի քան 400 քմ երկարութիւն ունեցող Զեյնտեհրուտ գետը վերջին տասնամեակներուն տեղումներու բացակայութեան, երաշտի եւ տարածաշրջանի գերբնակեցման պատճառով վերածուած է «սեզոնային գետի»։ Իրանի մէջ 1999 թուականէն սկսեալ ամէն տարի տեղումներու քանակը կը նուազի։