image

Իտալիոյ Սենատի նախագահը այցելած է Սուրբ Ղազար

Իտալիոյ Սենատի նախագահը այցելած է Սուրբ Ղազար

Իտալիոյ Սենատի նախագահ Մարիա Էլիզապէթթա Ալպերթ Քազելլաթի այցելած է Վենետիկի հայկական Սուրբ Ղազար կղզին, տեղեկացուցած է Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպանատան դիմատետրեան էջը։

Նախագահ Քազելլաթին ընդունած է Մխիթարեան Միաբանութեան Քահանայապետական Պատուիրակ Գերապայծառ Տէր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեանը։

Հանդիպման ներկայ եղած են Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Ծովինար Համբարձումեան, Վենետիկի Պրեֆեքթ Վիթթորիօ Զափփալորտօն, Վենետիկի մօտ ՀՀ Պատուաւոր հիւպատոս Գագիկ Սարուխանեանը, ինչպէս նաեւ տարածքային եւ ազգային իշխանութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։

Տիկ․ Քազելլաթիի այցելութիւնը ողջունուած  է նաեւ հայ համայնքի կողմէ՝ անգամ մը եւս հաստատելով հաստատութենական հարթակներով Իտալիոյ եւ Հայաստանի միջեւ եղած բարեկամական ամուր կապերը։