Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն Զատկի տօնի կապակցութեամբ այցելած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան, հանդիպած պատրիարք Սահակ արք․ Մաշալեանի հետ։ Այս մասին գրած է ermenihaber.am-ը:
Իմամօղլուին ուղեկցած են նախկին դեսպան Նամըք Թանը եւ Իսթանպուլի քաղաքապետարանի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Մահիր Փոլաթը։ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի հետ միասին անոնց ընդունած են հոգեւորականներ, Սուրբ Աստուածածին աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսքոֆեանը, պատրիարքարանի ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ատենապետ Հերման Գաւաֆեանը։
Պատրիարք Մաշալեան բարի գալուստ մաղթած է Իմամօղլուին եւ ուրախութիւն յայտնած անոր պատրիարքարանի սրբազան յարկի տակ տեսնելու համար։
Իմամօղլուն նշած է, որ որպէս Պոսլոյ նման մեծ քաղաքի քաղաքապետ այցելած է, որ անձամբ շնորհաւորէ Հայոց պատրիարքի եւ հայկական համայնքի Զատկի տօնը։ Ան նաեւ ըսած է, որ դժուար ժամանակներ կ'ապրին, երկրաշարժի աղէտը ողջ հանրութեան ցաւ պաճառած է եւ ընդգծած․ «Որպէս Իսթանպուլի քաղաքապետ հնարաւոր ամէն ինչ կ'ընեմ, որ մեր ժողովուրդը ապրի աւելի լաւ պայմաններու մէջ»։
Իմամօղլուն նաեւ նշած է, որ չի սիրեր «փոքրամասնութիւն» բառը եւ Գումգափու է, որ շնորհաւորէ հայերու Զատկի տօնը։
Հանդիպման աւարտին Հայոց պատրիարքը զատկական կարմիր հաւկիթ նուիրած է քաղաքապետ Իմամօղլուին եւ յաջողութիւն մաղթած իր ծառայութեան մէջ։