image

Իսրայէլը հարուածած է Իրանի ռազմական կառոյցները․ Իրանը պատրաստ է համարժէք պատասխան տալու

Իսրայէլը հարուածած է Իրանի ռազմական կառոյցները․ Իրանը պատրաստ է համարժէք պատասխան տալու

Իսրայէլը յարձակում գործած է Իրանի ռազմական կառոյցներու վրայ։ 

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է, որ հարուածներ կը հասցնէ Իրանի ռազմական կառոյցներուն՝ ի պատասխան «իրանեան ռեժիմի` ամիսներ տեւող անդադար հարուածներու»։

Իսրայէլ Իրանի դէմ գիշերային յարձակման ընթացքին գործի դրած է աւելի քան 100 ինքնաթիռ։ Հարուածներու թիրախ կրնային ըլլալ զօրանոցը եւ զէնքի պահեստը։

The Jerusalem Post-ի հաղորդմամբ՝ Իսրայէլի բանակը նախնական հարուածներ հասցուցած է Սուրիոյ մէջ գտնուող ռատարներուն՝ իրանեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը «կուրացնելու» համար։

Սպիտակ տունը յայտարարած է, թէ Իսրայէլը հարուածնր կը հասցնէ Իրանի ռազմական կառոյցներուն՝ ինքնապաշտպանութեան նպատակներով։

Reuters-ը տեղեկացուցած է, որ Միացեալ Նահանգներն այս յարձակման չէ մասնակցած։

Իրաքի տրանսպորտի նախարարութիւնն այս հակամարտութեան սրման լոյսին տակ դադրեցուցած է թռիչքները երկրի բոլոր օդակայաններուն մէջ։

Իրանը յայտարարած է, որ պատրաստ է համարժէք պատասխան տալու։ Միացեալ Նահանգներն Իրանին կոչ ըրած է չպատասխանելու Իսրայէլի այս հարուածին։