image

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը ծանր մեղադրանքի առջեւ

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը ծանր մեղադրանքի առջեւ

Իսրայէլի իշխանութիւնները երկրի պաշտպանութեան նախարարի ծառան մեղադրած են լրտեսութեան մէջ այն բանի համար, որ առաջարկած է նախարարին հետ իր մտերմութիւնը օգտագործել Իրանին տեղեկութիւն փոխանցելու համար։

Տղամարդը, որուն անունը Օմրի Կորեն է, կ'աշխատէր որպէս դռնապան պաշտպանութեան նախարար Պենի Հանցի տան մէջ: Իսրայէլի ներքին անվտանգութեան «Շին Պեթ» գործակալութիւնը յայտնած է, որ տղամարդը ընկերային ցանցերու միջոցով կապ հաստատած է անանուն «իրանեան կազմակերպութեան» հետ՝ ուղարկելով տան տարբեր իրերու, այդ շարքին՝ նախարարի համակարգիչին նկարները:

Կը նշուի, որ Կորենը քննարկած է Հանցի համակարգիչը վնասակար ծրագրերով վարակելու հարցը, սակայն ձերբակալուած է նախքան որեւէ ծրագրի իրականացումը: