image

Իսրայէլի խախտումներէն ետք Կազայի մէջ հրադադարը՝ վերահաստատուած

Իսրայէլի խախտումներէն ետք Կազայի մէջ հրադադարը՝ վերահաստատուած

 

Կազայի հատուածի բժշկական աղբիւրները յայտնած են, որ Հոկտեմբեր 29-ի առաւօտուն անկլաւին մէջ իսրայէլեան հարուածներու զոհերու թիւը հասած է 91-ի։ Այս մասին կը հաղորդէ պաղեստինեան WAFA գործակալութիւնը։

Նշուած է, որ զոհերու թիւը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի աճի, քանի որ կան բազմաթիւ ծանր վիրաւորներ, իսկ կործանուած տուներու փլատակներուն տակ գտնուող անհետ կորսուածներու որոնումները կը շարունակուին։

Իսրայէլեան ռազմական ինքնաթիռները օդային հարուածներ հասցուցած են Կազայի հիւսիսային եւ կեդրոնական տարածքներու մէջ քանի մը քաղաքներու։ Աւելի վաղ հաղորդուած էր 63 զոհի մասին։

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտնած է, որ քաղաքական վերնախաւին կողմէ տրուած հրահանգով՝ «ահաբեկչական թիրախներուն եւ ահաբեկիչներուն տասնեակ հարուածներ հասցնելէ ետք» Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը վերսկսած է հրադադարի դրութեան կիրառումը։

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ հարուածներուն ընթացքին Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը եւ անվտանգութեան գործակալութիւնը թիրախ դարձուցած են «աւելի քան 30 ահաբեկիչներ, որոնք հրամանատարական դիրքեր կը գրաւէին Կազայի հատուածին մէջ գործող ահաբեկչական կազմակերպութիւններու մէջ»։

«Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը պիտի շարունակէ պահել հրադադարի համաձայնութիւնը եւ խիստ կերպով պիտի արձագանգէ անոր որեւէ խախտման»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Իսրայէլը հարուածներ հասցուցած էր այն բանէ ետք, երբ Կազայի Ռաֆահ քաղաքին մէջ փոխհրաձգութեան հետեւանքով զոհուած էր իսրայէլցի զինուոր մը։ «Համաս»-ը յայտարարած էր, որ որեւէ առնչութիւն չունին այդ յարձակման հետ, եւ Իսրայէլը մեղադրած էր հրադադարը խախտելու համար՝ նշելով, որ պիտի յետաձգէ պատանդներէն մէկու աճիւնին վերադարձը։