image

Իսրայէլ մտահոգ է «Հուսիներ»ու գրոհներէն

Իսրայէլ մտահոգ է «Հուսիներ»ու գրոհներէն

Իսրայէլեան 13-րդ ալիքի ռազմական թղթակից Օր Հելլեր կը կարծէ, թէ Եմէնի մէջ զինուած ուժերուն կողմէ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի դէմ երէկ իրականացուած յարձակումը «ոչ միայն ուղերձ է էմիրաթցիներուն, այլեւ՝ իսրայէլցիներուն նոյնպէս»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները համարած են, որ «Հերցոկի այցի ժամանակ Ապու Տապիի վրայ յարձակումը, ի հարկէ, այցը փճացնելու փորձ էր, յաւելելով, որ «Հերցոկ պանդոկին մէջ եղած է, երբ յարձակումը տեղի ունեցած է»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները մէջբերած են էմիրաթական հաղորդագրութիւնները` «աշխուժացնել հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը, Հերցոկի` Ապու Տապի կատարած այցին զուգընթաց»:

Հերցոկ տեղեկացուած է Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած դէպքին մանրամասնութիւններուն մասին, եւ անոր այցը կը շարունակուի նախատեսուածին համաձայն, նախագահը եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը որեւէ վտանգի չեն ենթարկուած։

Նշենք, որ Կիրակի օր, Եմէնի զինուած ուժերը ԱՄԷ-ի խորքերը թիրախաւորող լայնածաւալ ռազմական գործողութիւն իրականացուցած են, որ երրորդն է մէկ ամիսէ նուազ ժամանակահատուածի մէջ:

ԱՄԷ-ն յոյսով է, որ իսրայէլեան ռազմական օգնութիւն կը ստանայ՝ Եմէնի յարձակումները դադրեցնելու համար, ըստ Իսրայէլի 13-րդ ալիքի արաբական հարցերու մեկնաբանին, որ նշած է, թէ ԱՄԷ-ն Իսրայէլի հետ կը տեսնէ աւելի քան դիւանագիտական եւ քաղաքական յարաբերութիւններ եւ կը փափաքի անոր հետ «պաշտպանական դաշինք» ձեւաւորել։