image

Իսրայէլ եւ «Հըզպալլա» կը շարունակեն «կրակով խաղալ»

Իսրայէլ եւ «Հըզպալլա» կը շարունակեն «կրակով խաղալ»

Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումը յայտարարած է, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին հարուածներ հասցուցած է իսրայէլեան բանակի 12 դիրքի: Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը իր հերթին յայտնած է Լիբանանի ուղղութեամբ պատասխան հարուածներ հասցնելու մասին։ 

Ինչպէն նշուած է «Հըզպալլա»-ի յայտարարութեան մէջ, փետրուար 22-ին «Հըզպալլա»-ի մարտիկները գնդակոծած են ինը դիրք՝ արեւելեան, երեք՝ արեւմտեան ուղղութեամբ։ Շարժումն ընդգծած է, որ իսրայէլեան ռազմական դիրքերու վրայ հարուածներու ժամանակ կիրառուած են հրթիռներ:

Իր հերթին Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի մամուլի ծառայութիւնը փետրուար 22-ի ուշ երեկոյեան հաղորդած է, որ պատասխան հարուածներ հասցուցած է Լիբանանէն իսրայէլեան տարածքի վրայ հրթիռային եւ ականանետային յարձակումներուն:

«Վերջին քանի մը ժամուան ընթացքին գրանցուած են բազմաթիւ յարձակումներ Իսրայէլի հիւսիսը գտնուող Զարիթ եւ Մեթուլա շրջաններու ուղղութեամբ», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Գերատեսչութիւնը նշած է նաեւ, որ «օրուան ընթացքին Իսրայէլեան բանակի հրետանին կրակ բացած է Լիբանանի հարաւային առանձին շրջաններու մէջ` սպառնալիքները վերացնելու նպատակով»: