Իրան պատրաստ է օգնելու՝ Հարաւային Կովկասի մէջ լարուածութեան վերջ դնելու գործին։ Իրան բազմիցս տարբեր մակարդակներով յայտնած է իր յստակ դիրքորոշումը՝ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ իրադարձութիւններու վերաբերեալ։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Նասէր Քանաանին՝ խօսելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Mehr-ը։
«Ցաւօք, անցեալ երեքշաբթի օրուընէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին սահմանային նոր բախումներու ականատես եղանք, որ յանգեցուց երկու կողմերէն զոհերու։ Հիմնուելով բարիդրացիութեան քաղաքականութեան վրայ եւ ձգտելով օգնել՝ լուծելու տարածաշրջանային բախումները, Իրան սկսած է քաղաքական ջանքեր գործադրել»,-ըսած է ան։
Դիւանագէտը աւելցուցած է, որ ՀՀ վարչապետը հեռախօսազրոյց ունեցած է Իրանի նախագահի հետ, որու ընթացքին Իրանի նախագահը յայտնած է Իրանի դիրքորոշումը։ Ան աւելցուցած է, որ Իրանի եւ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան դիւանագէտները եւս քննարկած են այդ հարցը։
«Ինչպէս եւ նախապէս, ճգնաժամի սկիզբէն Իրանը ջանք չէ խնայած՝ բախումները հարթելու համար, արագ գործած է եւ փորձած՝ դիւանագիտական ճանապարհով հրադադար սահմանել եւ վերադարձնել երկու երկիրներու սահմանին խաղաղութիւնը»,-աւելցուցած է դիւանագէտը։