image
Հրատապ լուրեր:

«Իրանը կտրականապէս դէմ է սահմաններու փոփոխութեան». Նախագահ Ռայիսի

«Իրանը կտրականապէս դէմ է սահմաններու փոփոխութեան». Նախագահ Ռայիսի

Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատումը շատ կարեւոր է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին՝ ելոյթ ունենալով Սամարղանտի մէջ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին։  

«Մենք միշտ ընդգծած ենք տարածքային ամբողջականութիւնը, ազգային ինքնիշխանութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը եւ մերժած ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն։ Կողմերը պէտք է լուծեն իրենց տարաձայնութիւնները երկխօսութեան եւ խաղաղ ճանապարհով՝ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ։ Քանի որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կը պաշտպանէ իր ազգային շահերն ու անվտանգութիւնը եւ տարածաշրջանը, ան նաեւ յայտարարած է իր պատրաստակամութեան մասին՝ օգնելու լուծել այս երկու հարեւան երկիրներու միջեւ տարաձայնութիւնները»,-ըսած է Ռայիսին։