image

«Իրանի տարած ճիգերը պիտի արդիւնաւորուին». Ապտըլ Լահիան

«Իրանի տարած ճիգերը պիտի արդիւնաւորուին». Ապտըլ Լահիան

Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահիան յայտնած է, որ երկիրը թոյլ չի տար իր հարեւանութեամբ գտնուող սիոնիստները տարածաշրջանին մէջ անապահովութիւն յառաջացնել:

«Ոչ հեռաւոր ապագային դուք պիտի տեսնէք տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղուած Իրանի ջանքերուն արդիւնքները», ըսած է ան:

«Տարածաշրջանի եւ Կովկասի մեր հարեւաններուն հետ փոխյարաբերութիւններուն մէջ մենք թոյլ չենք տար սիոնիստներուն հետախուզական որեւէ շարժ ունենալ: Մենք պատրաստ ենք հաւաքական համագործակցութեան արդիւնքով ձեռնարկել որեւէ գործողութիւն, որ անհրաժեշտ է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան համար», եզրափակած է դիւանագէտը: