image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ՝ ահաբեկչութիւն

Իրանի հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ՝ ահաբեկչութիւն

Իրանի հարաւ-արեւելեան Սիստան-Պելուճիստան նահանգի մայրաքաղաքի ոստիկանական բաժանմունքին վրայ յարձակման հետեւանքով 2 ոստիկան սպաննուած է։ Այս մասին յայտնած է Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի նահանգային բաժանմունքը, գրած է IRNA ։

Սիստան-Պելուճեստանի դատախազ Մեհտի Շամսապատին շաբաթ օր աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Զահետան քաղաքի ոստիկանական բաժանմունքի մէջ ահաբեկչութեան ժամանակ սպաննուած է անվտանգութեան մէկ պաշտօնեայ։

Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատը յայտարարած է, որ «Զահետանի ոստիկանական բաժանմունքի վրայ յարձակում կատարած ահաբեկչական խումբի բոլոր 4 անդամները սպաննուած են»:

Յարձակումը սկսած է, երբ զինուած անձեր նռնակներով բացած են իրենց ճանապարհը դէպի ոստիկանական բաժանմունք:

Անվտանգութեան աշխատակիցը հերքած է տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն՝ միջադէպը մահապարտներու ահաբեկչութիւն է: