Իրանը պէտք է նախապայմաններ առաջդրէ Միացեալ Նահանգներու հետ միջուկային ծրագրի շուրջ բանակցութիւնները վերսկսելու համար։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ նման պահանջ ներկայացուցած են Իրանի խորհրդարանի անդամները։
«Քանի որ Ամերիկան բանակցութիւնները օգտագործեց՝ Իրանը մոլորեցնելու եւ սիոնիստական վարչակարգի յարձակումը քօղարկելու համար, այլեւս հնարաւոր չէ երկխօսութիւն վարել նախկին ձեւով։ Անհրաժեշտ է առաջադրել նախապայմաններ։ Մինչ այդ նախապայմաններու կատարումը՝ նոր բանակցութիւններ հնարաւոր չեն», – ըստ ISNA գործակալութեան, այսպէս նշուած է պատգամաւորներու յայտարարութեան մէջ։
Յունիս 13-ին՝ Իսրայէլի կողմէ Իրանին հասցուած հարուածներէն առաջ, Ուաշինկթընը եւ Թեհրանը անուղղակի բանակցութիւններու քանի մը փուլ կատարած էին։ Բանակցութիւններու յաջորդ փուլի կայացումը չեղարկուած էր իսրայէլեան հարուածներու պատճառով։