image

Իրան պիտի չհանդուրժէ

Իրան պիտի չհանդուրժէ

Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահիան յայտնած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը չի հանդուրժեր եւ երբեք պիտի չհանդուրժէ սիոնիստական կարգի ներկայութիւնը իր սահմաններուն մօտ եւ պիտի ձեռնարկէ անհրաժեշտ միջոցներու:

Այս մասին Ամիր Ապտըլ Լահիան ըսած է Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի նոր դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին:

Ան կրկնած է, որ երկիրները իրաւունք ունին զօրավարժութիւններ կայացնելու իրենց տարածքներուն մէջ`պաշտպանելու իրենց ազգային ինքնիշխանութիւնը:

Ապտըլ Լահիան նաեւ ընդգծած է Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխգործակցութեան կարեւորութիւնը: