image

Իրան մօտ է միջուկային զէնքի ստեղծման․ Պլինքըն

Իրան մօտ է միջուկային զէնքի ստեղծման․ Պլինքըն

Իրան արագացուցած է իր միջուկային ծրագիրը եւ մօտ է միջուկային զէնքի ստեղծման: Այս մասին Քոլորատոյի մէջ Aspen Security Forum-ին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն: 

«Վերջին շաբաթներու եւ ամիսներու ընթացքին մենք տեսանք, որ Իրան իսկապէս առաջընթաց գրանցած է տրոհուող նիւթի մշակման գործին մէջ, որ կրնայ օգտագործուիլ որպէս վառելիք միջուկային զէնքի համար»,-ըսած է Պլինքըն: 

Միեւնոյն ժամանակ Պլինքըն մեղադրած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը 2018-ին Իրանի հետ միջուկային համաձայնագիրէն դուրս ելլելու համար: 

Անոր խօսքով՝ Թեհրան դեռ չէ ստեղծած զէնքը, բայց կրնայ միացնել անհրաժեշտ տարրերը՝ տրոհուող նիւթն ու պայթուցիկ սարքը, եւ ունենալ միջուկային զէնք։