image

Իրան դատապարտած է Պլինքընի յայտարարութիւնները

Իրան դատապարտած է Պլինքընի յայտարարութիւնները

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանաանին դատապարտած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի քննադատութիւնները Իրանի հասցէին եւ նշած, որ Թեհրան առանց երկմտելու պիտի զօրացնէ իր պաշտպանութեան եւ զսպման կարողութիւնները: Այս մասին հաղորդած է Tasnim գործակալութիւնը:

«Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը անհիմն մեկնաբանութիւններ ըրած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ՝ ցեղային խտրականութիւն սերմանող սիոնիստական վարչակարգին իր երկրի համակողմանի աջակցութեան համահունչ», -ըսած է Քանաանին՝ յիշեցնելով պաղեստինցի ժողովուրդին Իրանի աջակցութեան մասին:

«Միացեալ Նահանգներու կողմէ այլ կառավարութիւններու նկատմամբ ուժի դիմելու սպառնալիքը դէմ է միջազգային օրէնքին, յատկապէս՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, հետեւաբար, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը պիտի չյապաղի զօրացնելու իր զսպող ուժը եւ պաշտպանելու իր իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը», - աւելցուցած է Քանաանին՝ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներուն խորհուրդ տալով «զերծ մնալ Իրանի դէմ անհիմն մեղադրանքներ հնչեցնելէ»:

Tasnim-ը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ուաշինկթընի մէջ կայացած Հասարակական կապերու ամերիկա-իսրայէլեան կոմիտէի ամէնամեայ գագաթնաժողովին Իրանը մեղադրած էր միջուկային զէնք ձեռք բերելու մտադրութեան մէջ եւ կրկնած իր սպառնալիքը Թեհրանի դէմ, որ արձագանգի բոլոր տարբերակները կը քննարկուին: