image

«Ինձ համար կայ լուրջ իրավիճակ» Ռուբէն Վարդանեան

«Ինձ համար կայ լուրջ իրավիճակ» Ռուբէն Վարդանեան

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար, օպերատիւ (արագ արձագանգման) շտաբի պետ Ռուբէն Վարդանեան, 14 դեկտեմբերին, ընդլայնուած խորհրդակցութիւն հրաւիրած է՝  Արցախի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով ստեղծուած օպերատիւ շտաբի գործունէութեան ուղղութիւններու ու իրականացուող քայլերու ներկայացման նպատակով:

Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ պետական նախարարի գրասենեակէն։

Նշելով, որ շտաբի հիմնական գործունէութիւնը ուղղուած է Ատրպէյճանի կողմէ Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին մէջ բնակչութեան բնականոն կենսագործունէութեան ապահովման՝ Ռուբէն Վարդանեան կարեւորած է պետական մարմիններու, մասնաւոր ընկերութիւններու միջեւ փոխգործակցուած եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի  կազմակերպումը:

 «Ամենակարեւոր ուղղութիւններն են անվտանգութիւնը, առողջապահութիւնը, ենթակառուցուածքների գործունէութեան ապահովումը: Օպերատիւ շտաբում ընդգրկուած են ինչպէս պետական պաշտօնեաներ, այնպէս էլ մասնաւոր եւ հասարակական ոլորտների ներկայացուցիչներ: Ինձ համար չկայ իշխանութիւն, ընդդիմութիւն: Կայ ստեղծուած բարդ իրավիճակ, եւ բոլորս, բոլոր կարող ուժերը պէտք է միաւորուեն՝  կազմակերպուած աշխատանքի եւ իրավիճակից ելքեր գտնելու համար»,-ընդգծած է պետական նախարարը:

Խորհրդակցութեան ընթացքին ներկայացուած եւ քննարկուած  է օպերատիւ շտաբի կողմէ մշակուած՝ վառելիքի տրամադրման կարգը: Վառելիքը առաջնահերթ պիտի տրամադրուի հանրային նշանակութեան եւ յատուկ ծառայութիւններուն,  ինչպէս նաեւ կենսական կարեւորութեան կառոյցներուն: Կարգով նախատեսուած աշխատանքներու ապահովումը պիտի իրականացնէ Արցախի Հանրապետութեան պետական եկամուտներու կոմիտէն:

Խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ բնակչութեան յուզող խնդիրներուն արագ արձագանգելու եւ  պատշաճ տեղեկատւութիւն տրամադրելու հարցերուն: