image

Ինչպէս սպաննուեցաւ Իրանի «Միջուկայինի հայր» Մոհսէն Ֆախրիզատէն. New York Times-ի արձագանգը

  Ինչպէս սպաննուեցաւ Իրանի «Միջուկայինի հայր» Մոհսէն Ֆախրիզատէն. New York Times-ի  արձագանգը

The New York Times-էն կը կարդանք՝ Իրանցի գիտնական Մոհսէն Ֆախրիզատէն, որուն կ'անուանէին Իրանի միջուկային ծրագրի «հայր», սպաննուած է իսրայէլեան «Մոսատ» յատուկ ծառայութեան գործակալներու կողմէ՝ յատուկ ստեղծուած մարդասպան ռոպոթի օգնութեամբ: Աղբիւրը այս մասին յղում ըրած է ամերիկացի, իսրայէլացի եւ իրանցի պաշտօնեաներուն ու հետախուզութեան գործակալներուն:

 

Աղբիւրը նշած է, որ 2007 թուականէն ի վեր Իսրայէլի յատուկ ծառայութիւնները սպաննած են վեց իրանցի միջուկային գիտնական, որոնք Ֆախրիզատէի հետ աշխատած են միջուկային մարտագլխիկ ստեղծելու ծրագրին վրայ: 

 

Գործակալները փորձած են Ֆախրիզատէն սպաննել 2009-ին, սակայն հետախուզութիւնը կասկածած է, որ գործողութիւնը վտանգուած է եւ վերջին պահուն չեղեալ յայտարարած է զայն: 

 

Նոր գործողութեան նախապատրաստումը սկսած է 2019-ի վերջին եւ 2020-ի սկիզբին՝ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու շարք մը բանակցութիւններէ ետք: Ֆախրիզատէն սպաննուած է 2020 թուականի Նոյեմբերի վերջը, Իրանի հիւսիսը գտնուող՝ Մազանտարան նահանգին մէջ:

 

Ինքնաշարժը, որուն մեջ ան եղած է, գնդակոծուած է խոշոր տրամաչափի զէնքէ, որ կառավարուած էր հեռակայ կարգով: «Մոսատ»-ի գործակալները օգտագործած են պելճիքական արտադրութեան FN MAG գնդացիր, որ ամրացուած էր առաջադէմ ռոպոթային սարքին: Ամբողջ կառոյցը կը կշռէր մօտ մէկ թոն, ուստի անիկա մաս-մաս բերուած է Իրան եւ կրկին հաւաքուած: Ռոպոթը նախագծուած է այնպէս, որ տեղաւորուի իրանական յայտնի Zamyad բեռնատարի ետեւի մասը: Բեռնատարին վրայ տեղադրուած էին տեսախցիկներ տարբեր ուղղութիւններով եւ ինքնաշարժը լեցուած էր պայթուցիկով: 

 

Գործողութեան օրը բեռնատարը կը սպասէր այն վայրը, ուրկէ պէտք է անցներ Ֆախրիզատէն: Անոր ինքնաշարժի ուղղութեամբ արձակուած է 15 փամփուշտ, որոնցմէ քանի մը հատը դպած են գիտնականին: Ինչպէս հաղորդած էր Fars News-ի իրանական հրատարակութիւնը, երեք փամփուշտ կոտրած էր անոր ողնաշարը: Գիտնականին սպաննութենէն ետք բեռնատարը պայթած է հեռակայ կարգով, սակայն զէնքը ամբողջութեամբ ոչնչացնել հնարաւոր չէ եղած, ինչպէս յոյս ունէին իսրայէլացի գործակալները: