Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ մեծ շուքով դիմաւորեցին աշխարհի նորընծայ ախոյեան Մալխաս Ամոյեանը: 22-ամեայ Մալխաս Ամոյեանը աշխարհի առաջնութենէն վերադարձաւ հօրեղբօր՝ Փեքին-2008 Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի փոխախոյեան, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Ռոման Ամոյեանի, յունահռոմէական ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Էտուարտ Սահակեանի եւ մարզիչ Սամուէլ Գէորգեանի ուղեկցութեամբ:
22-ամեայ աշխարհի ախոյեանին «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորեցին զուռնա-տհոլով: Ամենամեծ երկրպագուն Մալխաս Ամոյեանի կրտսեր եղբայրն էր՝ 7-ամեայ Դաւիթը:
2021 թուականի յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան 8 ըմբիշով մասնակցած Հայաստանի խմբակը պայքարը աւարտեց մէկ ոսկէ մետալով: 8 Հոկտեմբերին Հայաստանի միակ ոսկէ մետալը նուաճեց Եւրոպայի փոխախոյեան, Եւրոպայի Մ23 ախոյեան Մալխաս Ամոյեանը (72 քկ):
Լուրը՝ News.am-էն: