image
Հրատապ լուրեր:

Ի՞նչ կը կատարուի Պէյրութի մէջ

 Ի՞նչ կը կատարուի Պէյրութի մէջ

Այն ինչ որ կը կատարուի Պէյրութի մէջ  մտածել կու տայ, որ Արեւմտեան կողմերու նախատեսած սենարը կ՚ընթանայ «մեծ յաջողութեամբ»։

Ըսել կուզեմ, եթէ իրավիճակը եթէ այս հունով շարունակուի երկիրը ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ԿՐՆԱՅ ՄԹՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆՈՒԻԼ։

Պէնզինի հարց, Մազութի հարց, Դեղորայքի հարց, տոլարի տատանում ու ասկէ անդին ապահովական «սնաձարձակ» իրադրութիւն։

Այսօր օրինակ, լիբանանցիներ, բողոքելու համար երկրի Կեդրոնական Դրամատան վերջին մօտեցումներուն դէմ փորձած են պաշարել Լիբանանի մէջ ԱՄՆ-ի թիւ մէկ մարդ համարուող Դրամատան Կառավարիչ Ռիատ Սալամէի տունը։

Այս պաշարման փորձերը այդքան ալ «վտանգալից» չեն, բայց անոնք կրնան նոր  վէճերու, պայքարներու եւ բախումներու դուռ բանալ։

Այս բոլորին զուգահեռ կայ նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստին  պայթումին թեման, եւ այդ հարցի «փակուած» թեմա մնալու խնդիրը, որն աւելիով կրնայ հրահրել ներ-համայնքային անվստահութիւն եւ նոր լարումներ։ 

Այսօր երեւելի դարձաւ նոր վէճ մը, որուն հիմքը նախագահ Աունի կողմէ վարչապետ Տիապի կառավարութեան նիստի գումարման «պահանջ»ն էր, որ մերժուեցաւ Տիապին կողմէ։ 

Մէկ խօսքով Լիբանան մտած է հետահաշուարկի ընդհանուր դրութիւն մը, որուն ծայրը վտանգաւոր խաղ մը կայ եւ անշուշտ հիմնական «նպատակ»ը ներքին բախումներու վտանգաւոր փուլը, որ ցաւօք սկիզբ ունի եւ վերջ չունի։

Մտածումներս  հոռետեսական չեն, սակայն կայ ժամկէտներու խնդիր ու անոնք, որ Լիբանանի տագնապին սրացումը թեման ուռճացուցին անշուշտ, որ ունին ներքին «փակ» ծրագիր մը, որ շատերուն համար երեւելի չէ։ 

Ի վերջոյ Լիբանանցի ժողովուրդը հասած է այնպիսի յուսահատական վիճակի մը, որուն համար էականը միայն կեանքի ամենանուազագոյն պայմաններու ապահովումն է։ 

Իսկ այս բոլորին մէջ շատ կարեւոր է, որ Լիբանանի Ազգային Բանակը (գլխագրով) մնայ միակամ եւ հեռու մնայ արտաքին «ցուցմունքներ»ու ենթարկուելէ։