image

Ի՞նչ կայ Արեւելքում... (1)

Ի՞նչ կայ Արեւելքում... (1)


 🔵Իսրայէլի կառավարութիւնը որոշած է «Ազգային պաշտպանութեան ջոկատ» ստեղծել։ Ըստ ԶԼՄ-ներու այս օրակարգը Ներքին գործոց նախարար Պըն Կվիրի առաջարկն է, որ բաւականին ժխտական կերպար մը դարձած է Իսրայէլի մէջ։ Այս ջոկատին մաս պիտի կազեն ծայրայեղականները եւ չի բացառուիր, որ անոնց գործը ըլլայ արագօրէն միջամտել պաղեստինցիներուն հետ առկայ «թէժ կէտեր»ու բախումներուն։

 🔴Սուրիոյ թեման եւ Դամասկոսի դէպի «արաբական գիրկ» վերադառնալու հարցը կը շարունակէ մնալ աւելի քան էական։ Երէկ այդ առումով կարեւոր էր Սուրիոյ ԱԳ նախարարին այցը ՝Գահիրէ։ Էական հարցը անշուշտ պիտի շարունակէ մնալ նոյնը՝ այս բոլորին դիմաց, պաշտօնական Դամասկոսը ինչպէս պիտի վարուի Իրանի եւ Սուրիոյ մէջ իրանեան ներկայութեան հետ։

 🔵🔵Իսրայէլեան ուժեր այսօր ներխուժած են Նապլոս, ուր գրանցուած են բախումներ եւ կայ զոհ մը։ Նաթանիահույի կառավարութիւնը պիտի փորձէ ամէն գնով «ցրել» երկրի ներքին օրակարգը նման զինուորական քայլերով։

 🔴🔴🔴Լիբանանի թիւ մէկ թեման կը շարունակէ մնալ նախագահի ընտրութեան հարցը։ Նախագահական հիմնական թեկնածու Սուլայման Ֆրանժիէյի, որ կիսապաշտօնական այցելութեամբ մեկնած էր Փարիզ կարեւոր հանդիպումներ ունեցած էր Ֆրանսացի պաշտօնատարներու հետ։ Կարգ մը հարթակներ նաեւ կը գրեն, որ Ֆրանսայի քաղաքական վերնախաւը որոշակի «վստահեցումներ» պահանջած է Ֆրանժիէյէէն։ Խօսքը անշուշտ «Հըզպալլա»ին կը վերաբերի, իսկ «սակարկութեան» առանցքը թաքուն կը պահուի։

 Այսօրուան համար այսքանը։

 🔴Յ.Գ. Սիրելի ընկերներ այս հարթակովս պիտի փորձեմ ամէնօրեայ դրութեամբ ներկայացնել, թէ ինչ են այն կարեւորագոյն զարգացումները, որոնք տեղի կ՚ունենան Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Յուսամ չէք ձանձրանար ու նաեւ կը տարածէք։

🔵🔵Լուսանկարը՝   Լիբանանի   ներկայիս նախագահական  թեկնածու՝  Սուլայման Ֆրանժիէյի մեծ   հայրն է,  նախագահ՝  Սուլայման Ֆրանժիյէ  աւագ եւ Եգիպտոսի    մեծ առաջնորդ՝  Ժամալ Ապտըլ Նասէր։