image
Հրատապ լուրեր:

«Հըզպալլա»ի նախկին առաջնորդը յուղարկաւորուած է զոհուելէն հինգ ամիս անց

«Հըզպալլա»ի նախկին առաջնորդը յուղարկաւորուած է զոհուելէն հինգ ամիս անց

Փետրուար 23-ին Պէյրութի մէջ սկսած է «Հըզպալլա»ի առաջնորդ Հասան Նասրալլայի հրաժեշտի արարողութիւնը, որ զոհուած էր հինգ ամիս առաջ։ Այս մասին գրած է Associated Press  գործակալութիւնը։

Արարողութեան ներկայ եղած են աւելի քան 400 քաղաքական եւ կրօնական գործիչներ արտասահմանէն, այդ շարքին՝ Իրանի պատուիրակութիւնը՝ խորհրդարանի նախագահի գլխաւորութեամբ, իսկ ընդհանուր առմամբ, միջոցառման ներկայ եղած է աւելի քան 100,000 մարդ։

2024 թուականի սեպտեմբեր 23-ին Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած էր Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա» շարժման ռազմական ենթակառուցուածքի դէմ «կանխարգելիչ յարձակողական գործողութիւն» սկսելու մասին:

Սեպտեմբեր 28-ին յայտնի դարձաւ, որ «Հըզպալլա»ի առաջնորդ Հասան Նասրալլան սպանուած է Պէյրութի մէջ կազմակերպութեան ստորգետնեայ շտաբի վրայ իսրայէլեան կործանիչի օդային հարուածի հետեւանքով։